Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ղըպտի ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցիներու, Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդները Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6ի առաւօտուն ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միացեալ ծրագիրներ ու գործակցութեան նախագիծեր։ Ժողովը տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդին կողքին էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակի զոյգ վարիչներ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։
Նախքան ժողովական աշխատանքներու սկսիլը, հիւրընկալ առաջնորդը, ղըպտի առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոս եւ ասորի առաջնորդ Եուճին արք. Քափլան, հոգեւորականներուն հետ միացեալ աղօթքի պահ մը ունեցան՝ իւրաքանչիւրը երգելով ու աղօթելով իր լեզուով:
Հիւրերը այցելեցին Ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանը, ապա հանդիպում մը ունեցան վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեանի հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ժողովականներուն ծանօթութիւններ տուաւ Ամերիկայի տարածքին հայկական այս առաջին երկրորդական վարժարանի ծնունդին ու ձեռք բերած յաջողութեանց մասին։
Ժողովականները, յանձինս հայր Միւռոնի, զեկուցում լսեցին յառաջիկայ Նոյեմբեր 21ին, երեք եկեղեցիներու միջհամայնքային Կիրակնօրեայ վարժարաններու միօրեայ հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։ Միօրեայ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ ասորիներու Ս. Եփրեմ առաջնորդարանիստ Մայր տաճարին մէջ, Պըրպէնք, եւ պիտի վայելէ խորհուրդի անդամ երեք եկեղեցիներու թեմակալ առաջնորդներուն հովանաւորութիւնը։ Նաեւ զեկուցուեցաւ երիտասարդական միացեալ աշխատանքներու ապագայ ծրագիրին մասին։ Ժողովը որոշեց յաւելեալ մղում տալ երիտասարդական խմբակներու գործունէութեան: Ժողովը արժեւորեց նաեւ Սեպտեմբեր 24ին տեղի ունեցած համատեղ Ս. պատարագը:
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։