Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն այսօր՝ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10ին պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր պիտի կայանայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող արձանագրութիւններու ստորագրութեան արարողութիւնը։
«Արտաքին գործոց նախարարը կը պատրաստուի եւրոպական շրջապտոյտ սկսելու՝ այցելելով Ցիւրիխ, ուր ան պիտի մասնակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան», ըսած է Կորտըն։
Ամերիկացի դիւանագէտին համաձայն, Քլինթըն Ցիւրիխ կը մեկնի, որպէսզի՝ «Իր աջակցութիւնը ցուցաբերէ այն գործընթացին, որ պատմական քայլ մըն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ համար, յարաբերութիւններու բարելաւման ճանապարհին վրայ»։
Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտարարած է, որ արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ եւ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր պաշտօնատար Հաւիէ Սոլանա։
Միւս կողմէ, Քիշինեւի մէջ Հինգշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու դեսպանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով յայտնեց. «Չեմ ուզեր հիմնարար սկզբունքները կրկնել։ Ձեզի յայտնի է անոնցմէ վեցը։ Անոնց թիւը ընհանուր առմամբ, մօտաւորապէս, 15 է»։ Ան ըսաւ, որ երեք հիմնարար սկզբունքները, որոնց վրայ կը խարսխուին Մատրիրտեան առաջարկները, կը մնան նոյնը. անոնք են՝ ուժի կիրարկման բացառում, ազգերու ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն։
Ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի, իր կարգին յիշեցուց, որ ասիկա, վերջին ինը ամիսներու ընթացքին նախագահներու հինգերորդ հանդիպումն է։
«Դրական ընթացքը կը շարունակուի։ Քննարկումները լուրջ էին եւ կառուցողական, եւ քանի որ ասիկա իմ առաջին հանդիպումն էր, զիս տպաւորեց նախագահներու լուրջ մօտեցումը եւ աշխատելու պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան։ Պրատթքի նշեց, որ երկու նախագահները ուշադիր լսեցին համանախագահներուն խօսքերը, մանրամասնօրէն քննարկեցին միջնորդներուն ներկայացուցած կէտերը, եւ իրենց ուղղումներն ու լրացումները կատարեցին։
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը որքանո՞վ կապուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետ, ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտարարեց. «Մինսկի գործընթացը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութիւնը ամբողջովին առանձին գործընթաց են եւ այլ գործընթացներու կապուած չէ»:
Համանախագահները լրագրողներուն յայտնեցին, թէ երկու երկիրներու նախագահները համաձայնած են՝ «Շատ մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ»։
Աւելի ուշ, Մինսկի խումբի համանախագահները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած էր. «Ասիկա անցնող տասը ամսուան ընթացքին երկու նախագահներուն միջեւ հինգերորդ հանդիպումն էր, եւ հաստատեց իրենց բանակցութեան մէջ դրական ընթացքը։ Հանդիպումը յաւելեալ քննարկումի ենթարկեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքները։ Բանակցութիւնները շինիչ եւ լուրջ էին, եւ կը ներառէին խորքային, տող առ տող քննարկում՝ համանախագահներու առաջարկներէն շարք մը կէտերու։ Նախագահները համանախագահներէն խնդրեցին, որ երկուքին միջեւ նախքան յաջորդ հանդիպումը, քննարկումներուն արդիւնքը ներառեն իրենց առաջարկներուն մէջ»։