ՊՈԼԻՍ.- Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չլուծուած, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանին չեն ներկայացուիր, իսկ նոյնիսկ եթէ ներկայացուին, խորհրդարանին հաւանութեան չեն արժանանար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլ, ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին:
Կիւլ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին վստահեցուցած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումը չի նշանակեր սահմաններու բացում, այլ միայն՝ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերու կարգաւորման մտադրութիւն։
«Կիպրոսի հարցի կարգաւորման ծիրին մէջ Թուրքիա արձանագրութիւն ստորագրեց կղզիի յունական մասին հետ, եւ ի՞նչ։ Մի՞թէ այս չորս տարիներու ընթացքին Թուրքիա իր նաւահանգիստները եւ օդային տարածքը Կիպրոսի դիմաց բացաւ։ Այս արձանագրութիւններով մենք Հայաստանին եւ Մինսկի խումբին ընդամէնը ներքաշած ենք հիմնախնդիրի լուծման մէջ։ Այժմ արդէն Մինսկի խումբը ստիպուած կ՛ըլլայ սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցով աշխատանքներու, որոնք 17 տարիներու ընթացքին չեն իրականացած», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը։