Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ ՀՕՄի գործունէութեան ու մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցերուն մասին։ ՀՕՄի ներկայացուցիչները շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին առաջնորդին, որ յարատեւօրէն զօրավիգ կը կանգնի կազմակերպութեան գործունէութեան, ու տեղեկութիւններ փոխանցեցին ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն մասին, որոնք իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին յառաջիկայ տարի, 2010ին: Առաջնորդը բարձր գնահատեց ՀՕՄականներու նուիրումը եւ ՀՕՄի գործունէութիւնը, որ կը տարածուի հայկական գաղութներու վրայ եւ կ՛ընդգրկէ Հայաստանը, Արցախն ու æաւախքը։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացը։ Առաջնորդ սրբազանն ու հիւր ներկայացուցիչները վեր առին այն կէտը, թէ բարեկամութեան էջին բացումը ցանկալի է, սակայն այդ քայլը պէտք չէ շրջանցէ ու արհամարհէ Հայաստանի, Արցախի իրաւունքերն ու Ցեղասպանութենէն բխող մեր Դատին պահանջատիրութիւնը։ Անոնք յոյս յայտնեցին, որ հայրենի իշխանութիւնները անսան հայութեան համատարած սպասումներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.