Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 23ին, «KFI 640 AM» կայանէն սփռուող Պիլ Հէնտըլի յայտագրին հիւրերէն մէկն էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հատորի մը հեղինակ Մայքըլ Պոպէլեան, որ 12 վայրկեան ժամանակահատուածի մը ընթացքին ներկայացուց վերջերս հրատարակած «Children of Armenia: A Forgotten Genocide and the Century Long Struggle For Justice» գիրքը:
Հէնտըլ նաեւ խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ այդ աշխատանքին դէմ Թուրքիոյ տարած ուրացման պայքարին մասին:
Յայտնենք, թէ Հէնտըլ, որուն յայտագիրը Միացեալ Նահանգներու տարածքին կը սփռուի, անցեալ Մայիսին վիրաւորած էր հայ համայնքը, երբ անպատասխանատու կատակ մը կատարած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, սակայն Հայ Դատի գլխաւորած բողոքի արշաւէ մը ետք, կայանն ու հաղորդավարը ներողութիւն խնդրած էին հայութենէն:
Հարցազրոյցը կարելի է ունկնդրել www.youtube.com/watch?v=eFSPfiiZyEI կայքէջէն: