ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իբրեւ հայկական չորս գլխաւոր կազմակերպութիւններ ներկայացող Ամերիկայի Հայկական Համագումարը, Վարդանանց Ասպետները, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Էջմիածնական Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու Առաջնորդութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ իրենց վրայ վերցնելով Սփիւռքի մէջ հայ-թրքական արձանագրութեանց հանդէպ տարբեր, ջատագովական կեցուածք ունեցողի դերը ու քննադատելով մնացեալ սփիւռքահայութիւնը՝ իրենց ներկայացուցիչներով, որ ըստ արժանւոյն չեն գնահատեր նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը, յորդորելով անոնց, որ այս օրերուն «Հայաստանի ապագային հաշւոյն» իրենց օրակարգերը յառաջ չտանին:
Լաւ է: Հաւանաբար այսպէս ալ պէտք է ըլլար: Նախագահը պէտք չէ մինակ մնար Սփիւռքի մէջ. անոր նեցուկ ու թիկունք պէտք էր: Ահա եւ այդ նեցուկն ու թիկունքը կը ներկայանայ այս չորս կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք լրջօրէն հաւատացած են, կամ այդպէս կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիան արար աշխարհին կը յայտարարէ, թէ նախապայմաններ ունի թէ՛ Ցեղասպանութեան եւ թէ Ղարաբաղի հարցով, իրենք կը վստահին Ամերիկային, Ֆրանսային, Զուիցերիային ու այլ պետութիւններու երաշխիքներուն, որոնք պիտի արգիլեն Թուրքիային որեւէ պարտադրանքի տակ դնել Հայաստանը:
Այս նոյն համոզումով է, հաւանաբար, որ այս չորս կազմակերպութիւնները արձանագրութիւնները չեն նկատեր հայկական կողմէն Թուրքիային շնորհուած զիջումներ, եւ մեզ բոլորիս ալ կը խրատեն իրենց պէս միամտանալու:
Եկեղեցական կազմակերպութիւններու (այս պարագային՝ Էջմիածնական երկու թեմերու) պատրաստակամութիւնը՝ միանալու Հայկական Համագումարի նման խմբակցութեան մը եւ հանդէս գալու հայկական միւս կազմակերպութիւններուն դէմ ամբաստանութեամբ, զրպարտելով զանոնք այս օրերուն սեփական շահեր եւ օրակարգ հետապնդելու յանցանքով, որով, նոյնիսկ «կրնան վտանգել Հայաստանի ապագան», անհասկնալի է ու կը կարծեմ անընդունելի՝ հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն կողմէ:
Նոյնը կարելի է ըսել «Բարեգործական»ի ստորագրութեան համար: Զոյգ կազմակերպութիւններն ալ իրենց առաքելութեան եւ էութեան անյարիր այս յայտարարութեամբ, վստահաբար իրենց վրայ պիտի հրաւիրեն իրե՛նց իսկ անդամական շրջանակներէն ընդվզումի ու բողոքի ձայներ, որոնք պիտի ընդգծեն, թէ բոլորովին անտեղի էր իրենց կողմէ նախագահի ջատագովին դերի ստանձնումը, եւ թէ հասկնալի կ՛ըլլար, եթէ անոնք միայն բաւարարուէին Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան արձանագրութեամբ, փոխանակ Սփիւռքի մէջ պառակտուածութիւն սերմանող բառամթերքի օգտագործումով ապազգային ըլլալու կոչման արժանանալու: