«ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը։
Հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, պետական սահմանի բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հրապարակուած փաստաթուղթերը ունին պարտուողական բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն Թուրքիոյ կողմէ քօղարկուած նախապայմաններ։
Արդարեւ, հայ-թրքական ներկայ սահմանը վերահաստատելու քայլը անուղղակիօրէն կը կատարէ Կարսի պայմանագիրը ճանչնալու թրքական պահանջը եւ կ՛առաջնորդէ հողային մեր պահանջատիրութենէն հրաժարելու ազգավնաս քայլին։
Միւս կողմէ, հայ-թրքական սահմանին բացումը Արցախեան հարցին առնչելու թրքական մօտեցումը կ՛ենթադրէ հայկական ազատագրեալ տարածքները վերադարձնելու եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իրողութիւնը, ինչ որ մերժելի է մեր բազմահազար նահատակներու արեամբ կատարուած նուաճումներու հաշւոյն։
Անընդունելի կը գտնենք նաեւ պատմական-արխիւային հարցերով զբաղող յանձնախումբի մը կազմութեան առաջարկը, որովհետեւ ան քննարկումի առարկայ կը դարձնէ պատմական անվիճելի ճշմարտութիւն մը եւ կասեցուցած կ՛ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող մեր աշխատանքները։ Մենք չենք կրնար հրաժարիլ սերունդներու պատկանող անժամանցելի մեր իրաւունքներէն։
Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեր հայրենիքի անվտանգութեան հարցն է, մեր ազգի արժանապատուութեան հարցն է, արդարութեան հարցն է եւ Հայ Դատի մեր պայքարին անբաժանելի մէկ մասնիկն է:
ՀՄԸՄ, որ տասնամեակներ շարունակ տէրն ու պահապանը եղած է ազգային մեր իրաւունքներուն եւ արժէքներուն, այսօր չի կրնար ընդունիլ ազգին արժանապատուութեան հասնող նման հարուած, հետեւաբար ան կը հաստատէ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը համայն հայութեան հարցն է եւ այդ ուղղութեամբ հայրենի վարիչներուն առնելիք քայլերը սպասելի է, որ համապատասխան ըլլան համայն հայութեան արդար ակնկալութիւններուն եւ սպասումներուն։
Արդ, ՀՄԸՄ բողոքի իր ձայնը կը միացնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փաստաթուղթերու որդեգրման դէմ եւ կոչ կ՛ուղղէ հաւաքական մերժումով արմատական փոփոխութիւններու ենթարկելու զանոնք»։
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ