Միացեալ Նահանգներու իշխող Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Թիմ Քէյնի յղուած Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1 թուակիր նամակով մը, նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնած «Հայերը Օպամայի համար» կազմակերպութիւնը կը մատնանշէ ամերիկահայութեան յուսախաբութիւնը, որ յառաջացած էր ընտրապայքարին ընթացքին Օպամայի տուած շարք մը խոստումներուն անտեսումէն, միաժամանակ շեշտելով, թէ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կրնայ կորսնցնել ամերիկահայութեան նեցուկը, եթէ կացութիւնը անմիջապէս փոփոխութեան չենթարկուի:
Նամակին մէջ գրուած է, թէ Օպամա եւ փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ընտրապայքարին ընթացքին եւ անկէ առաջ իսկ հայութեան ի նպաստ շարք մը հաստատումներ կատարած էին, սակայն կը յիշուի նաեւ, թէ շատ պահպանողական հաշուարկով մը, ամերիկահայութիւնը առնուազն 2 միլիոն տոլար տրամադրած է մեծամասնութեամբ նախագահ Օպամայի, ինչպէս նաեւ դեմոկրատ այլ նախագահական թեկնածուներու ընտրապայքարին: Ասոր կողքին, Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամը 1.5 միլիոն տոլար նուիրած է 2008ի Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին, երբ հռչակուեցաւ նախագահի դեմոկրատ թեկնածուն:
Ընդհանուր առմամբ, 2008ի ընտրութիններուն ամերիկահայութեան տրամադրած 9 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններուն մեծ մասը կատարուած է Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուներուն:
Հակառակ այս բոլորին, Օպամա չէ կատարած Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր խոստումը, նուազեցուցած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրուող օժանդակութիւնները եւ Արցախի տագնապին լուծման աշխատանքներուն ընթացքին շեշտը դրած է ու կը շարունակէ դնել հողային ամբոողջականութեան սկզբունքին վրայ, հակառակ այն իրողութեան, որ ընտրապայքարի ընթացքին ան խոստացած էր առաջանահերթութիւն տալ տագնապը ժողովրդավարական ձեւով եւ ինքնորոշման իրաւունքի շրագիծին մէջ լուծելու ընտրանքին:
Վերջապէս, կը քննադատուի նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ բնականոնացնելու նպատակով առաջադրուած միակողմանի արձանագրութեանց նեցուկ կանգնելու Սպիտակ տան դիրքորոշումը:
Նաեւ, նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը մերժած են այս մտահոգութիւնները քննելու նպատակով ամերիկահայ ղեկավարներու հետ հանդիպում ունենալու դիմումները, նշուած է նամակին մէջ, որ կ՛եզրակացնէ, թէ նման քայլերու հետեւանքով, Օպամայի վարկը զգալիօրէն տուժած է ամերիկահայութեան մօտ:
Նամակը կարելի է ամբողջութեամբ կարդալ մեր համացանցային կայքին վրայ՝ www.asbarez.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.