ՓԱՐԻԶ.- Փակ դռներու ետին, երէկ՝ Հոկտեմբեր 2ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջին հանդիպումը Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ամբողջ Եւրոպայէն հաւաքուած շուրջ իննսուն հոգի մասնակցեցաւ այս հանդիպման, որ տեւեց աւելի քան երեքուկէս ժամ:
Հանդիպումը որդեգրած է հետեւեալ ձեւաչափը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է նախագահը, որ բաւական երկար ճառով մը անդրադարձած է իր նախաձեռնութեան, ապա մասնակիցներուն առիթ տուած է երեքական վայրկեաննոց ելոյթներ ունենալու կամ հարցեր տալու: Փակման խօսքով հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկարդի Ղուկասեանն ու ինքը՝ նախագահ Սարգսեանը:
Հանդիպման մասնակից Հիլտա Չոպոյեանը կը յայտնէ, որ խօսք առնողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը արտայայտած է իր ընդդիմութիւնը արձանագրութիւններուն:
Նախագահի ելոյթին մէջ ամէնէն նշանակալի մասը կը վերաբերէր պատմական հարթութեան ենթայանձնաժողովի կազմին, որ, ըստ նախագահի հաստատումին, ոեւէ պատմաբան պիտի չ՛ընդգրկէ իր մէջը: Այն հարցումին, թէ՝ թուրքերը համաձայն կրնա՞ն ըլլալ նման կազմի մը, նախագահը պատասխանած է, թէ հակառակ պարագային, ընդհանրապէս յանձնախումբ չի կազմուիր: Յանձնախումբն ու ենթայանձնախումբերը, ըստ Սարգսեանի, պիտի զբաղին Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խնդիրներով:
Նախագահին ոճը ընդհանրապէս եղած է խրատական՝ յորդորելով ներկաները, որ հաւատան իր քաղաքականութեան եւ վստահին, թէ հայ ժողովուրդին շահերը վտանգի չեն ենթարկուիր:
Նոյն խրատը տրուած է նաեւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի կողմէ: Սակայն, ընդդիմախօսներուն համար նախագահին բացատրութիւնները համոզիչ չեն եղած:
Նախագահը նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է նոյն օրը Կոմիտասի պուրակին մօտ տեղի ունեցած ցոյցէն:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին միայն քանի մը հարցումներ ուղղելու առիթ տրուած է լրագրողներուն:
Նշենք, որ նոյն օրը ֆրանսական երկու մեծագոյն թերթերու՝ «Լը Մոնտ»ի եւ «Լիպերասիոն»ի մէջ, հրատարակուած է կէս էջնոց յայտարարութիւն մը՝ «Ո՛չ՝ արձանագրութիւններուն» խորագիրով:
Արձանագրութիւններուն դէմ արտայայտուող յօդուածներ լոյս տեսած են նաեւ իտալական «Լա Ստամպա» յայտնի օրաթերթին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.