ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու», «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Կիւլ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումը դիտելու նպատակով Թուրքիա այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը, նախքան Նախիջեւանի մէջ թրքախօս երկիրներու ղեկավարներու գերաստիճանին մեկնիլը, լրագրողներուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահը ներկայ պիտի ըլլայ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի հանդիպման։ «Ֆութպոլը ազնիւ խաղ է։ Անձամբ ես, ֆութպոլի հանդիպման համար մեկնելով Երեւան՝ Հայաստանի պաշտօնատարներուն առջեւ ոչ մէկ նախապայման դրած եմ», աւելցուցած է ան:
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Կիւլ Թուրքիոյ խորհրդարանի նստաշրջանի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ խօսած է բազմաթիւ հարցերու մասին, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին։ Ան նշած է, որ «Թուրքիան չի հրաժարիր քաղաքական նախաձեռնութենէն, զոր ուղղուած է տեւական խնդիրներու լուծման, ինչպիսին է, օրինակ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը»։
Կիւլ նաեւ ըսած է, որ հարեւան երկիրներու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալը Թուրքիոյ կամքն է՝ անուղղակիօրէն հերքելով ընդդիմութեան այն պնդումները, թէ այդ գործընթացը դուրսէն պարտադրուած է:
Կիւլ իր ելոյթին ընթացքին մեծ մասամբ շեշտը դրաւ քիւրտերու հարցով կառավարութեան որդեգրած «ժողովրդավարական բացուածք» քաղաքականութեան վրայ: Ան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան միջեւ առկայ ցեղային, մշակութային կամ այլ տարբերութիւններէն վախցողները չեն կրնար իրականացնել Աթաթիւրքի առաջադրած նպատակները: «Ժողովրդավար պետութիւն մը չի կրնար այդ տարբերութիւնները հալեցնել մէկ կաղապարի մը մէջ», նշեց ան՝ միաժամանակ զգուացնելով բոլոր անոնք, որոնք նման տարբերութիւններ կը փորձեն շահագործել ներքին հարցեր հրահրելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.