ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի հայ համայնքը, կազմակերպութեամբ երեք հայ ազգային կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններուն, այսօր՝ Չորեքշաբթի երեկոյեան, բողոքի հաւաքով մը պիտի արտայայտէ իր ընդդիմութիւնն ու ընդվզումը հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ: Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի հայաշատ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ:
Բողոքի այլ հաւաք մըն ալ ծրագրուած է կայացնել Աթէնքի մէջ, Հոկտեմբեր 5ին: Այս հաւաքը կազմակերպուած է ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: