Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նպատակն էր թրքական բռնատիրութեան տակ գերի դարձած ու տառապող հայ ժողովուրդին մէջ արթնցնել ազգային արժանապատւութիւնը: Ան միջոցներ կը ստեղծէր որ ժողովուրդը միտքով եւ հոգիով պատրաստուի եւ կազմակերպուի մինչեւ որ հասնի համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան օրը:
Դաշնակցական ֆետային եւ գործիչը կը մտնէին ժողովուրդին մէջ: Անոնք մէկ կողմէ կեանքով կը պաշտպանէին ժողովուրդը թուրքին եւ քիւրտին դէմ, միւս կողմէն իրենց անմիջական օրինակով ու խօսքով ժողովուրդը կը դաստիարակէին: Անոնք ուսուցիչներ էին:
Բայց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հասկացած էր որ 600 տարուան արդիւնքը եղող ստրկամտութիւնը հայ ժողովուրդին մէջէն վերցնելու համար պէտք էր նախ մօտէն ծանօթանալ ժողովուրդին, յարգել անոր սովորութիւնները, ապրիլ անոր հաւասար, որպէսզի սխալ քայլերով չվնասուի հայութիւնը եւ կազմակերպութիւնը: Անոնք աշակերտներ էին:
Դաշնակցութիւնը գիտէր որ թշնամիի դէմ ուղղակի պայքարի կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ որ ճանչնաս քու ժողովուրդ եւ ընդունիս անոր կեանքի իրական պայմանները, որպէսզի քու օրինակով եւ գործովդ փոխես անոր վիճակը եւ ժողովուրդը տանիս դէպի ազգային ազատագրութիւն:
Հայ ժողովուրդին համար աւանդական սովորութիւն էր ամէն ձեւով յարգել ճամբայէն անցնող յոգնած հիւրը: Հայ գիւղացիին տունը եւ սեղանը բաց էին անցորդին առջեւ. հետեւաբար ֆետային պէտք էր որ յարգէր այդ ազնուական սովորութիւնը, որ երկու հազար տարուան պատմութիւն ունէր:
Ֆետային, որ մէկ գիւղը կամ տունը իջնէր, անպայման կը հիւրասիրուէր: Տանտէրը կը լուար անոր հագուստները, կը կարկտէր պատռտուած մասերը եւ հաց կու տար, եթէ տանտէրը նիւթապէս չկարենար այս ամէնը ընել, գիւղը անոր օգնութեան կը հասնէր: Այսպէս, ֆետային կը հանգստանար եւ կ՛ուտէր հայ գիւղացիին մօտ:
Բայց, դաշնակցականը ունէր գաղափարական եւ բարոյական իր սկզբունքները, որ կ՛ըսէին.
Ֆետային պէտք է ուտէր այն ինչ որ իրեն կը հրամցնէին, ան գիւղացիէն աւելի լաւ պիտի չապրեր:
Ֆետային ստեղծուած էր խեղճին համար: Ան պիտի իջնէր աղքատ գիւղացիին տունը եւ ուտէր անոր միակ ունեցածը՝ չոր կըլկըլը: Ֆետային տանջուածին համար էր. Ուրեմն զրկանքի ենթարկուելով, ան պիտի փաստէր իր ֆետայութիւնը:
Այն ֆետային, որ գիւղացիին կը պարտադրէր իրեն համար մասնաւոր կերակուր պատրաստել, ֆետայի չէր այլ՝ աւազակ: Ան կը պատժուէր գնդակահարութեամբ, աքսորով կամ զինաթափ ըլլալով:
Այս ձեւով, ֆետային կապրէ՛ր իբրեւ ժողովուրդի հարազատ զաւակը եւ հաւասար ամէնէն խեղճ հայուն: Իր օրինակով, ան ժողովուրդը կը վարժեցնէր զոհաբերութեան եւ փոխադարձ օգնութեան:
Այս կեանքը անշուշտ որ հաճելի չէր. երբեմն կարգ մը ֆետայիներ կը մտածէին թէ անկախ ըլլալու եւ իրենց ուզածին պէս ապրելու համար, պէտք էր ամէն ինչ գնել իրենց դրամով:
Զաւէնը Ղարաբաղէն իբրեւ գործիչ Մուշ եկած անձնազոհ եւ գաղափարական երիտասարդ մըն էր: Բայց ան կը բողոքէր:
«Եղբայր, այս կըլկըլը ձիուն առջեւ նետես չ՝ուտեր, չեմ կրնար ուտել, պիտի ճաթիմ»: Փորձառու ֆետայիները վրան կը խնդային ու կ՝ըսէին, «կը կակուղնաս, կ՛ուտես»:
Օր մը, Ալիջան գիւղին մէջ, Զաւէն կը տկարանայ եւ դրամ տալով, ցորենի հաց կը բերէ, բայց գիւղին մէջ ամէն կողմէ դժգոհութեան եւ բողոքի ձայներ կը բարձրանան. «մեր հիւրասիրութեան վրան կը խնդայ, մեզի կարեւորութիւն չի տար, մեր վիճակը չուզեր բաժնել», կ՛ըսեն գիւղացիները եւ երկու ոսկին կը բերեն կը նետեն ֆետայիներու պետին՝ Ռուբէնի առջեւ:
Ռուբէն գիւղացիներուն կը բացատրէ թէ Զաւէնը նոր եկած է երկիր եւ սովորութիւններուն ծանօթ չէ, իսկ Զաւէնէն կը պահանջէ իր ունեցածը, որ կը յատկացնէ գիւղի մարտական խումբին փամփուշտ գնելու համար:
Գրպանը պարապ՝ անուշիկ Զաւէնը կ՛ըսէ. այս փորձանքէն ալ ազատուեցայ, զարմանալի է, չտեսնուած բան է որ տեղ կայ ուր դրամը փորձանք կը բերէ:
Դերենիկը, Կովկասէն աշխատելու եւ զոհուելու համար երկիր եկած կարող ընկեր մըն էր: Օր մը, Պաղլու գիւղը կ՛երթայ: Գիւղին մօտ ծառ մը կար, որ, ըստ գիւղացիներուն սուրբ Ծառ է:
Դերենիկ, ծառին քովէն անցած ատեն, կը տեսնէ որ իր հետ քալող գիւղացիները գլխարկնին կը վերցնեն եւ խաչ կը հանեն: Այդ վայրկեանին, թռչուն մը կը թառի ծառին վրայ: Դերենիկ կ՛ըսէ. «տեսէք, ձեր սուրբը ծառին թառած է», հրացանը կը կրակէ եւ վար կը գլորէ թռչունը:
Այս անմեղ արարքը սուղ կը նստի Դերենիկին վրայ: Գիւղացիները կ՛ըսեն. «անաստուած է այս օտարականը, այսպիսիները ոչ միայն անարժան են ֆետայի կոչուելու, այլ թուրքէն ալ գէշ են» եւ Դերենիկը մինակ կը ձգեն:
Այս դէպքին պատճառաւ գիւղացին սխալ եւ վնասակար եզրակազութիւններ կը հանէր, պէտք էր որ ֆետայիները հակառակը փաստէին:
Բոլոր ֆետայիները կ՛երթան Սուրբ Կարապետ վանքի մատուռը, որ Պաղլու գիւղին մօտ էր: Գիւղացիներն ալ կու գան: Պատարագ կը կատարուի եւ ֆետայիները, նաեւ Դերենիկը, հաղորդութիւն կառնեն: Գիւղացիները կը զարմանան տեսնելով որ ֆետային եկեղեցի եւ կրօնքը կը յարգէ: Վարդապետ եւ Ռուբէն կը խօսին գիւղացիներուն եւ կը թելադրեն պաշտել Աստուածը եւ ոչ թէ ծառերը: Ռուբէնի հրամանով ծառը կը կտրեն: Այս ձեւով կարդարանայ Դերենիկը եւ կը վերնայ այն կասկածը թէ ֆետայիները անաստուած են:
Ժողովուրդին մէջ եւ անոր հետ ապրելու այս ձեւը, Դաշնակցականին կու տային ժողովուրդը դաստիարակելու միջոցները, ֆետային եւ գործիչը կը յաջողէին կազմակերպել ինքնապաշտպանութեան եւ ապագայ ապստամբութեան գործը: