Կրկին անգամ փոթորկած է հայութեան երկնակամարը, նորէն մռայլ ամպեր կը խտանան հայոց երկինքին վրայ։ Կը սպասուի հայակուլ նոր փոթորիկ մը։ Ժամանակն է պատրաստուիլ ու ամէն մէկ բջիջով ու երակով առաջը առնել այն շաքարապատ թոյնին, զոր մեզի կը փորձեն հրամցնել աշխարհը իրենց տնտեսաքաղաքական ազդեցութեան գօտիներու բաժնել ուզող պետութիւնները, որոնց մէջ նաեւ մեզ հիւրընկալող այս երկիրն ու անոր դաշնակից Թուրքիան։
Եթէ տակաւին հայութեան մէջ չէ մեռած Արաբոյի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի, Միասնիկեանի, Խանճեանի եւ մեր նորօրեայ ողջ թէ յաւերժութեան մէջ գտնուող հերոսներու աւանդը, ժամանակն է արթուն պահակի մը պարտաւորութիւններէն անդին անցիլ ու չթողուլ որ տկարանայ հայ պահանջատիրութիւնը, չթողուլ որ չքանայ արցախեան գոյամարտի ազատամարտիկներուն երազը եւ, վերջապէս, յարգել աւելի քան մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու արիւնը։
ՌԱԿի եւ Հայաստանի ՌԱԿի դիրքը միանգամայն յստակ է։ Մենք կ՛ըսենք. «Այնքան ատեն որ ՀՀ արտաքին գերատեսչութիւնը չունի մշակած յստակ ծրագիր՝ Թուրքիոյ կառավարութիւններու կողմէ 1915 թուականի սկսած եւ մինչեւ օրս շարունակուող հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացուող ցեղասպանութեան միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն արդարացի իրաւական գնահատական չտալը, ՀՀ նախագահի նախաձեռնողականութիւնը գնահատելով համարձակ, այնուամենայնիւ, հայ-թուրքական այսպէս կոչուած մերձեցման ուղղուած քայլերը կը գնահատենք խոցելի՝ նոյնինքն իրաւական տեսակէտէն, քանի որ թուրքական պետական քարոզչամեքենան կը շարունակէ Թուրքիան ներկայացնել աշխարհիկ ու ժողովրդավար, դրացիներու հետ համագործակցութեան պատրաստ պետութիւն եւ արդէն կը շահի ցանկալի արդիւնքներ»։
Յարգելի մտահոգ ու ծայրայեղօրէն յուզուած հայրենակիցներ։ 1991էն ի վեր Թուրքիան կը փորձէ անկախ, բայց շրջափակուած Հայաստանի պետութեան կոկորդէն վար սահեցնել իր պայմանները՝ արար աշխարհին ցոյց տալու թէ ինք, իբր քաղաքակիրթ ու Եւրոպա մտնելու պատրաստ աշխարհիկ պետութիւն, պատրաստ է իր հայ դրացիին հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ Հայաստան-Թուրքիա ճամբաները։ Ի հարկէ Եւրոպայի ինչպէս եւ այս երկրին մէջ շատեր պիտի ուզէին տեսնել այդ մէկը, հոգ չէ թէկուզ ի գին հայութեան կողմէ բազմապատիկ անգամ մահացու զիջումներու։ Նման բան մը տեղի չունեցաւ ցարդ, որովհետեւ հայութեան համար երիցս անգամ ինքնասպանական էին Թուրքիոյ կողմէ դրուած նախապայմանները։ Այն ինչ որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը չէին կրցած զէնքի ուժով եւ կամ շրջափակումով յաջողցնել, այսօր, այսպէս կոչուած «ճանապարհային քարտէս»ով կ՛ուզեն մեզ ծունկի բերել, անոր դիմաց թուղթի վրայ խոստանալով ինչ որ անորոշ շահեր, տնտեսական ներդրումներ, Հայաստանի շուտափոյթ տնտեսական վերելք, եւ այլն, եւ այլն։
Մենք շատ լսած ենք այս երգը վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին, մանաւանդ արեւմտեան նենգամիտ պետութիւններէ, որոնց համար ամէն ինչ ծախու է։ Մենք այս անգամ այդ խաբուողը պէտք չէ ըլլանք։ Սերունդները պիտի չներեն, իսկ մեր հերոսները պիտի անիծեն։
Եթէ հայրենի կառավարութիւնը եւ անոնց սայլին լծուածները կը կարծեն թէ ներկայացուած փրոթոքոլները (արձանագրութիւնները) մեծ արդիւնքներ պիտի ապահովեն հայութեան, անոնք չարաչար կը սխալին։ Մեր կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան եւ իր գլխաւորած Կեդրոնական վարչութիւնը կտրականապէս դէմ է եւ կÿըսէ. «ՌԱԿը կը յայտարարէ իր խիստ վերապահութիւնները փրոթոքոլներու գործադրութեան կապակցութեամբ»։
Արդարեւ,
ա.- ինչպէ՞ս գնահատել այս զիջումները եթէ ոչ վատ ծրագրուած, անհեռատես ու ինքնասպանական։ Ի՞նչ ենք ստանալու ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար պատմաբաններու յանձնաժողով մը ստեղծելու դիմաց, որպէսզի ի՞նչ փաստուի։ Փաստուածը պէտք ունի՞ նորէն փաստուելու։ Մի՞թէ յստակ չէ խորամանկ թուրքին խաղցած խաղը՝ ցոյց տալ աշխարհին թէ հայոց ցեղասպանութիւն կոչուածը տակաւին շատ մութ կէտեր ունի, ուրեմն, յարգելի օտար պետութիւններ, մի՛ աճապարէք հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ձեր որոշումին մէջ։
բ.- Ի՞նչ ենք ստանալու ազատագրուած պատմական Հայաստանի նկատի ունինք Ղարաբաղի – տարածքները զիջելու պայմանը ընդունելու դիմաց։ Մեզի տրուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ միջազգային անզէն ուժերու հսկողութեան տակ դրուած Լեռնային Ղարաբաղ մը։ Ո՞վ երաշխիքներ կու տայ թէ օտարը պիտի պաշտպանէ ղարաբաղցիին։
գ.- Ի՞նչ ենք ստանալու ներկայի սահմանները ճանչնալու դիմաց։ Թուրքիայի ուզածը մեր տարածքներու իւրացումն է։ Ինչո՞ւ համար ճանչնալ Կարսի պայմանագիրը, ուր հայ պետութիւնը չունի իր ստորագրութիւնը։
Սիրելի ընդվզած հայեր։ Կրկին անգամ կ՛ըսենք բանաստեղծին խօսքը.
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»։
Կը զարմանանք, յանուն ինչի՞ մեր պետութիւնը կը փորձէ ընդունիլ նշուած փրոթոքոլները։ Ինչո՞ւ նկատի չ՛առնուիր սփիւռքի հայութեան ցաւերն ու տասնամեակներէ ի վեր մեր մեծ զոհողութիւններով շահուած կարգ մը յաղթանակները։ Մի՞թէ այսօրուան Հայաստանը կը պատկանի միայն այսօրուան իշխանաւորներուն եւ միայն իրենց կը վերաբերի Հայաստանի ճակատագիրը որոշելու խնդիրը։ Ո՞վ իրենց տուած է այդ իրաւունքը։ Ինչո՞ւ կը դանդաղի մեր պետութիւնը եւ յստակօրէն ՈՉ չÿըսեր ու կը խաղայ բառերով։
Այսօր, մենք մեզի իրաւունք կու տանք պահանջելու ստորագրութեան պատրաստուող ՀՀ պետութենէն, յանձինս նախագահէն, արտգործ նախարարէն եւ ազգային ժողովէն չտատամսիլ, չտկարանալ ու մանաւանդ չհաւատալ ու չվախնալ ծածուկ սպառնալիքներէ։ Այլապէս մեզի կը մնայ մտածել թէ մեր պետութիւնը կա՛մ անճարակ մնացած է, կամ պետական այրերը այլ նախապատուութիւններ ունին եւ կամ ալ կը գտնուին ինչ որ ծանր ճնշումներու տակ։ Որո՞նք են այդ ճնշում բանեցնողները, եթէ ոչ տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքան նոր բաժանումներու ենթարկելով նոր շահեր ապահովել ուզող պետութիւնները։ Մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ չէ որ մենք այսպիսի ծանր ճնշումի տակ գտնուած ենք։ 450 թուականին Պարսկական կայսրութեան Յազկերտ արքան նոյնպէս մեզի կը սպառնար դաժանօրէն պատժել, բայց մեր ղեկավարութիւնը քաջութիւնը կÿունենար ըսելու. «Ո՛չ հուր եւ ո՛չ ալ սուր մեզ կրնան շեղել մեր հաւատքէն. քու սուրդ եւ մեր պարանոցը»։ Մի՞թէ մենք մեր քաջարի հայորդիներու արիւնը չենք կրեր ու դարձեր ենք վախկոտ ու հիւանդագինօրէն զգուշաւոր մարդիկ։
Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր տեսակի նախապայմաններու։
Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր տեսակի հայաթաղ զիջումներու։
Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր սպառնալիքներու։
Բացարձակ ԱՅՈ՛ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաջարի ու մարտնչող հայերու միասնական կոչին՝ ՄԻ՛ ԽԱՂԱՔ ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ, ՀԱՅՐԵՆԻ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ։