Սիրելի հայրենակիցներ,
Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ մեր ազգային հիմնական իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Եւ այստեղ կը յայտարարենք՝
Թէ Ոչ ոք, ոչ իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, լիազօրուած է հայ ժողովուրդի անունով Հայութեան ազգային իրաւունքներուն դէմ որեւէ համաձայնագիր ստորագրելու։
Թէ Ոչ ոք, ոչ իսկ Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարը իրաւունքը ունի մեր նահատակներու յիշատակը անարգելու եւ մոռացութեան ենթարկելու նահատակներու հատուցման կտակը։
Թէ Ոչ ոք, ոչ իսկ Ազգային Ժողովը, արտօնութիւնը ունի մեր ազատամարտիկներու թափած թանկագին արիւնը ուրանալով զայն քաղաքական սակարկութեան սեղանին դնելու։
Թէ Ոչ ոք, ոչ Հանրապետութեան նախագահը, ոչ արտաքին գործերու նախարարը եւ ոչ ալ Ազգային Ժողովը, չեն կրնար ջլատել մեր ապագայ սերունդներուն ազգային անկատար տենչեր հետապնդելու կամքը: Մանաւանդ, անոնք չեն կրնար ոտնակոխ ընել ազգային առաջադրանքներ պաշտպանելու մեր իրաւունքը։
Ես ձեզ հարց կու տամ սիրելի ժողովուրդ,
Արդեօ՞ք կ՛ընդունինք մեր հողային պահանջներէն հրաժարիլ … Ո՛չ։
Արդեօ՞ք կ՛ընդունինք որ Ղարաբաղը յանձնուի մեր թշնամիին … Ո՛չ։
Արդեօ՞ք կ՛ընդունինք որ Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ առնուի … Ո՛չ։
Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը անհերքելի է: Այդ փաստին հաստատման օրինագիծը այսօր կը գտնուի ամերիկեան Քոնկրէսի օրակարգին վրայ: Եւ ի տես տխրահռչակ զոյգ փրոթոգոլներուն, մենք այսօր կոչ կ՛ընենք մեր բարեկամ քոնկրէսական եւ Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընին, որպէզի անմիջապէս Յանձնաժողովի օրակարգին մէջ ներառնէ Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը՝ առ ի քննարկում եւ որդեգրում։
Սիրելիներ,
Հայաստանի իշխանութիւնները մեզի չեն կրնար համոզել թէ առաջարկուած Protocol-ները քաղաքականօրէն ճիշդ են, թէ անոնք ոչ մէկ ձեւով կը վնասեն մեր ժողովուրդի շահերուն, որովհետեւ այս հիմնաւորումները իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտենք թէ իշխանութիւններու վարած տհաս քաղաքականութիւնը մեր հայրենիքը պիտի տանի դէպի անդունդ։
Պարոն նախագահ,
Մենք ձեզի չենք լիազօրած պահանջատէր հայութեան անունով խօսելու։
Այսպիսի համահայկական նշանակութեամբ հարց մը տնօրինելէ առաջ դուք պարտաւոր էիք օրին զայն ներկայացնել համազգային քննարկման՝ ստանալու համար տեսակէտը հայ կեանքէն ներս գործող կազմակերպութեանց, որոնք կը մարմնաւորեն մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը:
Պարոն նախագահ,
Դուք պիտի այցելէք մեր գաղութը, ինչպէս նաեւ ուրիշ գաղութներ, իբրեւ թէ մեզի հետ խորհրդակցելու՝ առաջարկուած փրոթոքոլներու մասին, սակայն այսօր կ՛իմանանք, թէ արդէն որոշուած է Հոկտեմբեր 10ին այդ համաձայնագիրը ստորագրել։
Պարոն նախագահ, ինչի՞ մասին մեզի հետ պիտի խորհրդակցիք. չէ՞ք կարծեր որ արդէն ուշ է։
Պարոն նախագահ,
Մենք ձեզի չենք լիազօրած պահանջատէր հայութեան անունով այս համաձայնագիրը ստորագրելու։
Եթէ այս համաձայնագիրը ստորագրէք, դուք անտեսած պիտի ըլլաք համայն հայ ժողովուրդի կամքը. դուք պատմութեան առջեւ պատասխանատու պիտի ըլլաք մեր անժամանցելի իրաւունքներէն հրաժարելու համար. դուք պիտի վերածուիք մեր պատմութեան ամենէն սեւ էջը պատրաստող հեղինակին։
Յանուն մէկուկէս միլիոն նահատակներուն,
Յանուն նահատակուած հազարաւոր ազատամարտիկներուն,
Յանուն ապագայ հայ սերունդներուն,
Բացարձակապէս կը մերժենք առաջարկուած բանաձեւերը։
Եւ կը յայտարարենք՝
Թէ Արեւմտահայաստանը ծախու չէ, որովհետեւ անքակտելի մասն է ներկայ Հայաստանին:
Թէ Սփիւռքահայութիւնը ծախու չէ, որովհետեւ անբաժանելի մասն է ան հայրենի ժողովուրդին:
Սիրելի հայ ժողովուրդ,
Պետք չէ թռյլ տանք որ մեր ազգային իրաւունքները սակարկութեան դրուին: Պետք է պայքարինք՝ մինչեւ վերջ:
Հայ ժողովուրդը դիմագրաւած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։ Այս մէկն ալ պիտի դիմագրաւենք եւ հաւաքական կամքով եւ ուժով մենք պիտի յաղթենք ընդդէմ բոլոր փրոթոգոլներու եւ բոլոր փրոթոգոլ ստորագրողներու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունով կը յայտարարեմ, թէ՝
Ոչ ոք կրնայ Արարատը միւս կողմէն տեսնելու իրաւունքը մեր ձեռքէն խլել։
Թող Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ամբողջ աշխարհը գիտնայ թէ Արարատը, Արարատը մերն է։
Ays nor “vest sarkiss’e” iravounk tchouni mer azg’e dzakhelou
togh gorsevi hoghine dag antsni ir manglevig chan; nalband oglûi neman’e
haverj e mer serpazan azk’e tavadjanerou garik tchi ga!!