Սիրելի Հայրենակիցներ,
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով կու գանք մեր բողոքի ձայնը միացնելու բազմահազար հայորդիներու ձայներուն, ընդդէմ Հայաստան—Թուրքիա արձանագրութիւններուն՝ ի մասնաւորի այն դրոյթներուն, որոնք ակնհայտօրէն կը վնասեն համայն հայութեան ընդհանրական շահերուն։ Վստահ ըլլալով, որ արդեն մեր ժողովուրդը քաջածանօթ է այդ դրոյթներուն ու խուսափելու համար աւելորդ կրկնութենէ, մենք պիտի կենդրոնանանք նման փաստաթուղթի մը ծնունդ տուող պատճառներուն վրայ։
Արդարեւ, այս արձանագրութիւններու պարագան մենք չենք դիտարկեր որպէս առանձնացուած երեւոյթ, այլ կը համարենք տրամաբանական հետեւանք՝ վերջին 11 տարիներու ազգավնաս քաղաքականութեան, որ սկսաւ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը՝ ձեւականօրէն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնահարց հռչակելով շարունակուեցաւ անոր ի լուր աշխարհին կատարած այն յայտարարութեամբ, որ Հայաստանը Թուրքիայէն հող պահանջելու իրաւական հիմքեր չունի, շարունակուեցաւ Սերժ Սարգիսեանի Մոսկուայէն յայտարարած Ֆութպոլային քաղաքականութեան մեկնարկումով, ուր կը զիջէինք Ցեղասպանութեան հարցը դարձնել պատմական յանձնաժողովի քննարկման առարկայ, շարունակուեցաւ Ապրիլ 22, 2009ի տխրահռչակ ճանապարհային քարտէզով, հասնելու համար Օգոստոս 31ի գիշերային այս պարտուողական արձանագրութիւններուն, որոնք ոչ միայն կը վնասեն ներկայ Հայաստանին, այլ նաեւ կը վտանգեն ու խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մեր ժողովուրդի արդարացի պահանջներն ու պատմական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Արցախեան Հերոսամարտի ձեռքբերումները:
Արտաքին քաղաքականութեան մէջ արձանագրուած այս զիջումներուն զուգընթաց, ներքին ճակատի վրայ կÿարձանգրուէին կեղծուած ընտրութիւններ, անկախ հեռուստակայաններու փակում, ժողովրդային բողոքներու դէմ հալածանքներ ու բանտարկութիւններ, յանգելով Մարտ 1ի ահաւոր սպանդին:
Այս բոլորին որպէս արդիւնք, կÿունենայինք իր ժողովուրդէն կտրուած, իր ժողովուրդի վստահութիւնը չի վայելող, իրենց անձնական շահերը մեր ազգի ու հայրենիքի շահերէն գերադասող անօրինական իշխանութեան խմբակ մը, որ խոցելի է ու հակամէտ ամէն տեսակի արտաքին ճնշումներու եւ զիջումներու: Երբ նախկին արտգործնախարար Վարդան Օսկանեան օրեր առաջ կը յայտարարէր որ այս արձանագրութիւնները վնասաբեր են մեզի համար ու կը պարտադրուին մեր վրայ, պատճառը անցնող 11 տարիներու ազգավնաս ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնն է:
Մենք կը զարմանանաք որ, Տիգրան Թորոսեաններ ու Վարդան Օսկանեաններ միայն իշխանութիւնէն դուրս գալէ ետք կ՛ահազանգեն այն վտանգներու մասին, որոնք Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը հնչեցնէ անցնող 11 տարիներու ընթացքին:
Առաջնորդուելով ազգային գերագոյն շահերու տեսլականով, ՍԴՀԿ-ը դէմ է նաեւ այս արձանագրութիւններու ամէն տեսակի զգացմունքային եւ ամփոխավարական շահագործումներու: Ան խորապէս կը գիտակցի որ Հայաստանը, որպէս պետութիւն պարտաւոր է իր հարեւաններուն հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու մէջ մտնելու։ Նոյնքան անհրաժեշտ կը համարենք շեշտել, որ երկիրը տարածաշրջանի զանազան գործընթացներուն մասնակից պէտք է դառնայ մեկուսացումէ խուսափելու համար։ Հասկնալի էր նաեւ, որ ուշ կամ կանուխ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման առումով հակասութիւններ պիտի առաջանային Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն հանգամանքը, որ սփիւռքի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերելու նուազագոյն նախապայմանը եղած էր եւ կը մնայ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցումը։
Ինչպէս անցեալին բազմիցս նշած էինք, կը գիտակցինք նաեւ, որ վերջիվերջոյ Հայաստանի քաղաքացիներն են, որ պիտի որոշեն Հայաստանի յետագայ ճակատագիրը եւ ոչ թէ սփիւռքը։ Սակայն ինչպէս մենք մեզ բարոյական իրաւունք չենք վերապահեր տնօրինելու Հայաստանի ապագան, Հայաստանի իշխանութիւնները նոյնպէս գէթ խելամտութիւնը պէտք է ունենային օգտուելու սփիւռքահայ մասնագետներու հարուստ աղբիւրէն, նախքան ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ հետ բանակցութեան խնդրոյ առարկայ դարձնելու։ Որքան ալ իշխանութիւնները փորձեն պնդել, որ այդ կառավարական ենթայանձնախումբերը ցեղասպանութեան փաստը պիտի չքննարկեն, պարզապէս միամտութիւն պիտի ըլլայ յուսալ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նման փայլուն հնարաւորութիւն պիտի յումպէտս կորսնցնէ։ Փաստօրէն, այս ամենուն արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ Քոչարեանի եւ այսօրուայ իշխանութիւնները, մասամբ իրենց ապիկարութեան, մասամբ ինքնահաւանութեան եւ ամենացաւալին՝ գերտերութիւններուն մօտ իրենց օրինականութեան հարցերը լուծելու մղումէն մեկնած կը զոհաբերեն ցեղասպանութեան հարցը, Թուրքիան մէկընդմիշտ ազատելով մղձաւանջէ մը, որ տասնեակ տարիներ անոնցմէ առանց նշանակելի արդիւնքներ հասնելու խլած էր հսկայական նիւթական եւ մարդկային միջոցներ։
Ըստ իշխանութիւններու եւ անոնց յարող կուսակցութիւններու ցարդ կատարած յայտարարութիւններուն եւ կեցուածքներուն, այս արձանագրութիւնները կ՛որակուին որպէս հայ դիւանագիտութեան լուրջ նուաճում։ Առ այսօր սակայն , անոնց տուած բոլոր բացատրութիւններն ու պնդումները վստահութիւն չեն ներշնչեր եւ ոչ մէկ ձեւով չեն փարատեր հայ ժողովուրդի, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ սփիւռքի, իրաւացի մտահոգութիւններն ու կասկածները։ Փոխանակ այդ մտահոգութիւններուն սպառիչ պատասխաններ եւ բացատրութիւններ տալու, իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն ձեռնամուխ եղած են քարոզչական արշաւի, կազմակերպելով մօտ 50 այսպէս կոչուած «կուսակցութիւններու» խորհրդակցական ժողով եւ հարցին մօտենալով «Մենք բոլորէդ խելացի ենք եւ լաւ գիտենք մեր ըրածը» հոգեբանութեամբ։ Մինչդեռ լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար խորհրդակցիլ նախքան քայլ առնելը, որպէսզի ե՛ւ հայրենիքի ժողովուրդը ե՛ւ սփիւռքը նախապատրաստուած ըլլային գալիքին։
Դժբախտաբար, կը բացառենք նաեւ, որ իշխանութիւններուն հլու հնազանդ ծառայող ազգային ժողովը որեւէ առարկութիւն պիտի ունենայ կամ լուրջ քննարկում պիտի ընէ այս հարցի շուրջ եւ ամենայն հաւանականութեամբ զայն անխօս պիտի վաւերացնէ։ Կը յուսանք, որ ազգային ժողովի իւրաքանչիւր պատգամաւոր, որ կողմ կը քուէարկէ նման փաստաթուղթի մը, կը գիտակցի, որ ան գործադիր իշխանութիւններու հետ հաւասարապէս պատասխանատու պիտի ըլլայ պատմութեան առջեւ։
Կոչ կ՛ուղղենք ե՛ւ գործադիր ե՛ւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն, որ գիտակցին պահի լրջութեանը եւ զերծ մնան արձանագրութիւնները վաւերացնելէ։ Իսկ եթէ իսկապէս այս փաստաթուղթը մեզ պարտադրուած է մեծ տէրութիւններու կողմէ եւ ստանձնուած յանձնառութիւններէն անհնար է խուսափիլ, ապա յանուն մայր հայրենիքի, Արցախի ու Հայաստան-Սփիւռք համերաշխութեան, կը մնայ միայն մէկ արժանապատիւ ելք եւ այն ալ Սերժ Սարգսեանի եւ այս իշխանութեանց հրաժարականն է։
Միմիյան ժողովրդավարական կարգերու հաստատումով, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու միջոցաւ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող եւ օրէնքի գերակայութեամբ առաջնորդուող իշխանութեան մը հաստատումով, մենք կրնանք կասեցնել զիջումներու այս շղթան եւ սկսիլ գործընթացը՝ կերտելու այն գերիշխան հայրենիքը ու արժանապատիւ ապագան, որուն արժանի է համայն հայութիւնը: