ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի «Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան» մարզասրահին բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 5ին:
Տարբեր մարզանքներու համար օգտագործուելիք այս մարզասրահը կը գտնուի նշեալ մասնաճիւղի հիւսիսային համալիրին մէջ (3318 San Fernando Road), նախկին կեդրոնէն երեք թաղ դէպի հիւսիս: