ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Հինգշաբթի, 2009ի 3 Սեպտեմբերը պատմական օր մըն էր «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի «Մաիտէն Լան» համալիրին համար, ուր վերամուտի առթիւ՝ տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, Հոգաբարձութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ կը փութային դպրոց։ Աշխուժութիւն եւ ոգեւորութիւն կը տիրէր ամայացած բակին մէջ։
Աշակերտները զգալաբար կարօտցած էին դպրոցը, ինչպէս նաեւ իրենց ուսուցիչները ու ընկերները։ Բոլորը զիրար կ՛ողջունէին եւ սիրալիր կերպով կը զրուցէին իրենց ամառնային արձակուրդին մասին:
Արդէն պահն էր ուղղուելու դպրոցիս գողտրիկ սրահը՝ պաշտօնապէս վերամուտի բացումը կատարելու։ Տաքուկ մթնոլորտ կը տիրէր ամէնուրեք։
Միջնակարգի եւ նախակրթարանի աշակերտները, իրենց ծնողները եւ հիւրերը գրաւեցին իրենց տեղերը եւ առաջին առիթով, միասնաբար արտասանեցին Ամերիկեան եւ Հայկական ուխտերը եւ աղօթքը։ Երգուեցաւ հայկական քայլերգը, որմէ ետք վարժարանիս տնօրէն Շահէ Կարապետեան գոհունակ ժպիտով եւ կարօտով դիմաւորեց ներկաները։
Տնօրէնը անդրադառնալով վարժարանիս 30ամեակին՝ յայտնեց, թէ Աստուծոյ օգնութեամբ այս օճախը 30 երկար տարիներ կանգուն մնացած է, շնորհիւ զոհաբեր ծնողներու, բարերարներու եւ մեր գաղութին։ Ան հայցեց Աստուծմէ, որ մեր բոլորին ուժ եւ կորով պարգեւէ, որպէսզի կարենանք դիմաւորել նոր 30 ամեակներ՝ շարունակելով ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայ մշակոյթը մեր մատղաշ սերունդին։
Վերջապէս, տնօրէնը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին՝ յիշելով, որ դպրոցը անիմաստ եւ անհամ էր առանց մեր սիրելի աշակերտներուն, աւելցնելով, որ անոնց ներկայութեամբ մեր դպրոցը բուրումնաւէտ ծաղկաստանի մը վերածուեցաւ։
Ապա Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Ասպետ Պետիկեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, աղօթեց մեր դպրոցի բարելաւման համար եւ խնդրեց, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը մեշտ անպակաս ըլլայ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանէն ներս, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ազգանուէր աշխատանքը, յօգուտ մեր հայ փոքրիկներուն։
Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին քանի մը հոգեւոր երգեր եւ իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները նոր տեսլականով։
Նախադպրոցական դասարանի փոքրիկներն ալ նոյնպէս ուրախ էին, հակառակ անոր, որ կարգ մը նորեկներ, որոնք եկած էին դողդոջ քայլերով, յուզուած էին, սակայն միեւնոյն ժամանակ անհամբերօրէն կ՛ուզէին հանդիպիլ իրենց ընկերներուն, եւ կ՛ուղղուէին իրենց զարդարուն դասարանները, ուր դաստիարակները ուրախութեամբ կը դիմաւորէին զիրենք։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին, «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի երկրորդական բաժինն ալ իր դռները բացաւ «Վիլիամ Գարէ»ի գեղեցիկ դպրոցավայրէն ներս:
Հոն ալ նոյնպէս ծնողներ եւ աշակերտներ մեծ ուրախութեամբ պիտի սկսէին նոր դպրոցական տարեշրջանը։
Բոլոր աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ եկած էին վերամիանալու իրենց ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն։
Բոլոր ներկաները հաւաքուեցան դպրոցին սրահը, կատարեցին Ամերիկեան եւ Հայկական ուխտերը, ապա տնօրէնը ողջունեց ներկաները՝ իր գոհունակութիւնը յայտնելով, որ Աստուած այս ուրախ օրն ալ պարգեւեց մեզի եւ մեր աշակերտներուն։
Այնուհետեւ, վեր. Արիէլ Պապիկեան քաջալերեց բոլոր աշակերտներն ու ծնողները, որ վստահին Աստուծոյ, որ իմաստութեամբ եւ աշխատանքով կարենան ստանալ իրենց ուսումը եւ հոգեկան կրթութիւնը։
Այս բացման արարողութենէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ նոր թափով եւ եռանդով սկսելու այս դպրոցական տարեշրջանը։
Բարի եւ երջանիկ տարեդարձ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարա՛ն, 30 ամեակիդ ուրախ առիթով։