Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երեխաները ունին հաճելի զանազան զբաղումներ, որոնք կը լեցնեն իրենց հոգիները եւ կ՛օգնեն իրենց հոգեկան, զգացական ու մտային աճման: Այս մէկը անշուշտ չի կրնար պատահիլ շատ մաքուր ու բծախնդիր մթնոլորտի մէջ: Բնական է, որ պիտի պատահին շատ «փորձանքներ», եւ այս պարագային, կան լուծումներ՝ դիւրացնելու համար պատահածին սրբագրութիւնը:
1- Գունաւոր իւղաներկերու արատները կրնաք մաքրել՝ զանոնք փռելով աղտոտած երեսին վրայ թուղթէ բաւական թաշկինակներու վրայ: Ապա հակառակ կողմէն օծեցէք «WD-40» մաքրութեան նիւթով եւ ձգեցէք շուրջ 5 վայրկեան: Դարձուցէք կերպասը եւ կրկին օծեցէք տուեալ դեղով: Լաւ չորցուցէք եւ ապա ամաններու հեղուկ օճառով լաւ շփեցէք աղտոտած բաժինը: æուրով լուացէք. եթէ տակաւին հետք կը տեսնէք, ապա ուղղակի արատ մաքրող ցրուիչ մը վրան փչեցէք եւ ապա լուացէք զայն ձեր մեքենային մէջ:
2- Ինչպէ՞ս կրնաք մաքրել խեժին, ծամոնին կամ կպչուն բարենիշներու արատները:
Առաջին հերթին ջանացէք կարելի եղած չափով վերացնել այս հետքերը դգալով: Ծամոնի պարագային նաեւ սառոյցով սառեցուցէք ծամոնը, որպէսզի աւելի շուտ կարենաք վերացնել զայն տուեալ կտորին վրայէն: Կլիսիրին քսեցէք տուեալ արատին վրայ, լաւ մը շփեցէք ու լուացէք: Ապա լուացէք զայն ամաններու հեղուկով՝ վերացնելու համար մնացած հետքը եւ ապա մեքենայով լուացէք ձեր աղտոտած կերպասը:
3- Ներկը ինչպէ՞ս վերացնել:
æրաներկի կամ ագրիլիք ներկի պարագային, առաջին հերթին չորցուցէք ներկուած բաժինը թուղթէ անձերոցով (paper towel): Մաքուր սփունքին վրայ դրէք լուացքի դեղը եւ քաղջ ջուրով փափկացուցէք կտորին ներկուած մասը: Երբ կը զգաք, թէ ներկը փափկացաւ, կարելի եղած չափով վերացուցէք զայն դանակով կամ դգալով: Չորցուցէք եւ կրկին աշխատեցէք վերացնելու արատը նոյն ձեւով ու նրբութեամբ: Վերջաւորութեան զայն լուացէք մեքենայով:
4- Կարմիր կաւը արդեօ՞ք կարելի է վերացնել:
Կարմիր կաւը լաւ չորնալէ ետք զայն զգուշութեամբ վերացուցէք կտորին վրայէն բութ դանակով կամ դգալով: Կարելի է նաեւ տունէն դուրս գալ եւ շփել ու թոթուել այդ հագուստեղէնը, որ աղտոտած էր: Ամաններու հեղուկ օճառը անմիջականօրէն դրէք այդ արատին վրայ եւ վրան պահեցէք ամբողջ գիշեր մը: Յաջորդ առաւօտ մեքենայով լուացէք: Եթէ որեւէ հետք նկատէք, ապա գունաւորերու յատուկ bleach օգտագործեցէք կերպասին վրայ անմիջականօրէն: 15-25 վայրկեան ետք մեքենայով լուացէք ու մաքրեցէք այդ կերպասը:
5- Ծառին աւիշը ու անոր անջնջելի հետքը:
Կրկին կարելի եղած չափով, առաջին հերթին վերացուցէք զայն բութ դանակով կամ դգալով: Ապա վրան քսեցէք կլիսիրին, մինչեւ աւիշին փափկացումը: Կերպասը զետեղեցէք՝ աղտոտած բաժինը թուղթէ թաշկինակներու վրայ դարձուցած: Թեթեւօրէն զարկէք, որպէսզի աւիշը վար իջնէ թաշկինակներուն վրայ: Լաւ լուացէք: Եթէ տակաւին որեւէ արատ կը նկատէք, ապա արատ մաքրող ցրուիչով ցրուեցէք տուեալ մասը եւ 15 վայրկեան այդպէս պահելէ ետք մեքենայով լուացէք:
6- Կաւիճին հետքը կրնա՞ք մաքրել:
Այո՛, անկասկա՛ծ կարելի է կաւիճին հետքը վերացնել: Առաջին հերթին մեծ կտորները թոթուեցէք անոր վրայէն եւ ապա կերպասը դարձուցէք հետքին կողմը դէպի վար թուղթէ թաշկինակի կոյտի մը վրայ: Կաւիճի հետքին տակի մասը շփեցէք ալքոլի մէջ թաթխուած կերպասով: Լուացէք. ամաններու հեղուկ օճառով մաքրեցէք տակաւին յամառօրէն գոյացած արատները եւ ապա մեքենայով լուացէք տուեալ հագուստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.