ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանը, ամառնային արձակուրդէն վերադարձէն ետք իր առաջին նիստին ընթացքին, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, ընդունած է Պաշտպանութեան մասին օրէնքը բարեփոխելու Ռուսիոյ նախագահի առաջարկները, որոնք կը վերաբերին արտերկրի մէջ ռուսական ուժերու օգտագործման։ Բարեփոխումը ընդունուած է առաջին ընթերցումով, երբ 450 պատգամաւորներէն 448ն անոր ի նպաստ քուէարկած է։
Այս որոշումին շնորհիւ, Ռուսիոյ նախագահը կրնայ օրինական հիմունքներով զինուորներ ուղարկել արտերկիր՝ մարտական առաջադրանքներ կատարելու համար։ Սոյն օրէնքը Մոսկուայի կ՛արտօնէ, առանց պատերազմ յայտարարելու, զօրքեր ուղարկել լուծելու համար հետեւեալ խնդիրները՝ Ռուսիոյ քաղաքացիներու կամ երկրին սահմաններէն դուրս գտնուող ռուսական ռազմակայաններու պաշտպանութիւն, այլ պետութեան մը դէմ յարձակման կանխում, ծովահենութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքար։ Նախկին օրէնքով, ռուսական ուժերը կրնային միջամտել միայն ահաբեկչական արարքներ կանխելու կամ միջազգային պարտաւորութիւններ կատարելու պարագային: Հաստատուած բարեփոխումներով, ռուսական բանակի ստորաբաժանումները արտերկիր ուղարկելու նախագահին որոշումը վաւերացնելու համար, հարկ է միայն Դաշնակցային խորհուրդին (Ծերակոյտ) հաւանութիւնը, իսկ ընթացիկ բոլոր հարցերուն լուծումը՝ արտերկիր ուղարկուող զօրքի թուաքանակէն սկսեալ մինչեւ առաքելութեան տեւողութիւնը, կը վստահուի Ռուսիոյ նախագահին։
Նախագիծին ամենամեծ ջատագովներէն մէկն էր ռուս Ազատական ժողովրդավարներու ղեկավար Վլատիմիր Ժիրիովսքի, որ առաջարկած է Ռուսիոյ քաղաքացիի մը սպառնացող որեւէ վտանգի մը պարագային, «ռմբակոծել անընդհատ, մինչեւ ձեռքերը վեր պարզեն»։
Նախագիծի դրդապատճառը կը նկատուի Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ անկախութեան պաշտպանութիւնը: Նաեւ կայ այն մտավախութիւնը, որ հոն հաստատուած ռուսական ուժերը կրնան յարձակումներու թիրախ դառնալ:
Որոշումը լրջօրէն մտահոգած է Ուքրանիոյ քաղաքական գործիչները, որոնք չեն բացառեր, որ ռուսական ծովուժի ռազմակայանի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներու Խրիմի մէջ գոյութիւնը կրնայ ռուսական ռազմական նոր քայլի համար պատրուակ դառնալ։ Ուքրանիոյ առաջին նախագահ Լէոնիտ Քարվչուք տուած է հետեւեալ հարցը. «Եթէ մէկուն մտքէն անցնի գործել դաւ մը, որուն մէջ ներգրաւուած ըլլան Խրիմի ռուսական սեւծովեան նաւատորմիղը կամ հոն ապրող ռուսերը, եւ այս հարցով Ռուսիոյ նախագահին դիմուի, այդ դէպքի պարագային ի՞նչ պէտք է ընէ Տմիթրի Մետվետեւ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.