ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինի տպագրութեամբ «Ընդհանրական Եկեղեցու Հայրեր» շարքէն, վերջերս հրատարակուած են Ս. Յովհան Ոսկեբերանի ճառերու երկրորդ հատորը, «Արարատ»ի ժառանգութենէն՝ Արշակ Տէր Միքելեանի երկերու ժողովածուն, «Վարք Սրբոց» ժողովածուի երկրորդ հատորը եւ «Հոգեւոր Ընթերցումներ» շարքէն՝ Խրիմեան Հայրիկի «Սիրաք եւ Սամուէլ», «Պապիկ եւ Թոռնիկ» երկերը։
Նշենք, որ վերոնշեալ գիրքերը հրատարակուած են «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ: