
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբերին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ շրջանիս շարք մը միութիւններու վարչութիւնները ներկայ գտնուեցան զեկուցական հաւաքի մը:
Շուրջ երկու հարիւր վարչականներ, որոնք կը ներկայացնեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), Համազգային մշակութային ու կրթական միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ու Հայ տարեցներու միութեան մասնաճիւղերու ու Շրջանային ղեկավար կազմերը, ունկնդրեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն Աւետիք Իզմիրլեանի, Սեդօ Պոյաճեանի ու Ժան Գոսաքեանի զեկոյցներն ու վերլուծումները:
Կեդրոնական կոմիտէի անդամները նախ հանգամանօրէն ներկայացուցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարեկարգման համար առաջադրուած միջպետական արձանագրութիւնները, բացատրեցին անոնց մէջ առկայ վնասակար կէտերն ու վտանգաւոր ուղղութիւնները եւ բանաձեւեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեցուածքը այդ արձանագրութեանց հանդէպ:
Մանրամասնօրէն ներկայացուեցան նաեւ ցարդ տարուած ու ծրագրուած աշխատանքները: Հետագայ աշխատանքներու համար միութիւններու լայն աջակցութեան ու մասնակցութեան կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ:
Ներկաները յաւելեալ հարցեր ուղղեցին բանախօսներուն՝ լուսաբանութիւններ պահանջելով թէ՛ աշխատանքներու ընթացքին ու տարողութեան եւ թէ փաստաթուղթերու մէջ արծարծուած հարցերուն մասին: Բոլոր հարցերուն տրուեցան սպառիչ պատասխաններ:
Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան ելոյթներով հանդէս գալու: Եղան նաեւ հասկնալի պոռթկումներ ու ընդվզումի արտայայտութիւններ՝ փաստաթուղթերու վտանգաւոր հետեւանքներուն նկատմամբ անտարբեր գտնուող պետական գործիչներու հանդէպ:
Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպումը փակեցին՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն իրենց կարելին ընելու, որ իրենց միութեանց շարքերը զանգուածօրէն մասնակից ըլլան ծրագրուած բոլոր աշխատանքներուն: