ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Զինուորական եզր մը գործածեցի, բայց երբե՛ք նպատակս չէ թուր ու թուանկի լեզուով խօսիլ:
Ներազգային քննարկում կը կատարուի այսօր՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ մեր պետութեան ու ազգին առաջ նետուած հարցի մը շուրջ, հարց մը, որ կենսական նշանակութիւն ունի բոլորիս համար, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր ծնած ենք եւ ո՛ւր կ՛ապրինք:
Հայկական ազգային երեք կուսակցութիւնները եւ հայրենի քաղաքական տարբեր ուժեր պաշտօնական յայտարարութիւններով հրապարակեցին իրենց արմատական ընդդիմութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարեկարգման նպատակով միջպետական փաստաթուղթերուն, եւ շեշտեցին անոնց ստորագրումը խափանելու իրենց յանձնառութիւնը:
Ընդդիմութեան ալիք բարձրացնելու աշխատանքին սկիզբն ենք:
Ժամանակը կենսական է անշուշտ, բայց եւ անպատրաստ պայքարի դաշտ իջնելը՝ անպատասխանատուութիւն պիտի ըլլայ ու հարցի լրջութեան անհամապատասխան որեւէ քայլ պիտի վնասէ առաջադրուած նպատակին՝ արձանագրութիւններու ստորագրման համազգային ու համընդհանուր ընդդիմութիւնը ապացուցելուն:
Այս տրամաբանութեամբ կը շարժի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ իր գործունէութիւնը այդ տրամաբանութեան հիման վրայ է, որ կը հիմնէ:
Այս տրամաբանութեամբ է, որ Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկած է զեկուցական հանդիպումներու շարքի մը, որուն ծիրէն ներս արդէն իսկ կատարած է իր առջին քայլերը՝ զեկուցելով շրջանի իր ընկերներուն եւ քննարկելով անոնց հետ աշխատանքներու ծրագրին մանրամասնութիւնները:
Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ անցեալ Շաբաթ օր հանդիպեցաւ ՌԱԿի շրջանի պատասխանատուներուն հետ, ապա երէկ՝ ուղեկից կառոյցներու ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպումներու շարքը պիտի շարունակուի, ու ճիգ պիտի թափուի, որ պահու լրջութեան մասին հաղորդակից դառնան լայն զանգուածները, որպէսզի հետագայ աւելի ցուցական նպատակներ հետապնդող ձեռնարկներուն ստեղծուի մեծաթիւ ժողովրդական մասնակցութեան մթնոլորտ:
Աշխատանքներու դաշտը հսկայական է: Մեր առջեւ կայ քարոզչական, բացատրական հսկայական գործ, որուն պէտք է լծուինք բոլորս, իւրաքանչիւրս՝ իր շրջապատին մէջ դառնալով խօսնակ ու ջատագով հայութեան շահերու պաշտպանութեան: