Սեպտեմբեր 5ին, Թորոնթոյի մէջ կայացաւ ժողովրդային հաւաք մը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴի, ՌԱԿի եւ ՍԴՀԿի տեղական կառոյցներուն:
Ձեռնարկի աւարտին, հաւաքին կողմէ հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքի ներկաներս, կու գանք մեր բողոքը արտայայտելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ Օգոստոս 31ին հրապարակուած երկու երկիրներու դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած առաջադրանքներու նախագիծի բովանդակութեան հանդէպ:
Վերոնշեալ փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած տրամադրութիւնները, իրենց ամբողջական պարունակին մէջ, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ համայն հայութեան վրայ Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուող նախապայմաններու յայտնի շարանը, որոնք ցարդ մերժուած են Հայաստանի կողմէ եւ որ կը հարուածէ Հայաստանի ու հայութեան գերագոյն շահերը:
Նախագիծի տրամադրութեանց մէջ յստակ եւ նպատակաուղղուած ճիգ կայ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու հետապնդման երթը հարուածելու եւ հայութիւնը բեւեռացումի մղելով պառակտելու:
Նախագիծի հիմնական պայմաններու հայկական կողմի վաւերացումով՝
Ա.- Ծանր հարուած կը ստանայ Հայութեան հողային պահանջատիրութեան Դատը:
Բ.- Ծանր հարուած կը ստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յարաճուն գործընթացը, եւ այս մարզին մէջ ցարդ ձեռքբերուած նուաճումները համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ լրջօրէն կը վտանգուին:
Գ.- Արցախեան հիմնահարցի ծիրէն ներս, թուրք-ատրպեճանական ներկայ ռազմավարութեան լոյսին տակ, հայկական կողմի բանակցային կարողականութիւնները ճակատագրականօրէն կը սահմանափակուին եւ կը յայտնուինք Հայաստանի անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող զիջումներու անխուսափելի պարտադրանքին դիմաց:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր արդար Դատին հակադրուող անձնատուողական այս նախագիծը լի է վտանգաւոր հետեւանքներով: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ուղղուած հարուած է:
Ժողովրդային այս հաւաքին մասնակիցներս, կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ հայրենի մեր ժողովուրդին, որ բացարձակապէս մերժեն առաջադրուած այս նախագիծը Թուրքիոյ բոլոր նախապայմաններով եւ վերահաստատեն հայկական կողմի վաղուց նուիրագործուած քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ սկսելու: Թուրքիոյ դրած նախապայմանները կը վերաբերին ամբողջ հայութեան իրաւունքներուն, հետեւաբար, համայն հայութեան քաղաքական կամքն է, որ այսօր իր խօսքը պիտի ըսէ: