ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթութեան, գիտութեան, մամուլի, եկեղեցաշինութեան եւ բազմաթիւ ազգօգուտ ոլորտներու նկատմամբ հոգատար բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեանի ընկերակցութեամբ, անցած օրերուն այցելած է Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսնող «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրատուն:
Գաբրիէլ Չէմպէրճեան ծնած է Հալէպ, Այնթապցի հօր եւ Ուրֆացի մօր հայաշունչ ընտանեկան յարկին տակ։ Աւարտած է Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանը։ Հետագային, երբ դպրոցը պետութենէն երկրորդական բաժինի համար արտօնութիւն կը ստանայ, Գ. Չէմպէրճեան ի յիշատակ իր ծնողներուն, կը ստանձնէ դպրոցի երկրորդական բաժինի շինութեան ծախսերը։ Առ ի գնահատանք այս աշխատանքին, Կրթասիրաց վարժարանի երկրորդական բաժինը իր հօր անունով կը կոչուի «Սարգիս Չէմպէրճեան» երկրորդական վարժարան։
Գաբրիէլ Չէմպէրճեան 25 տարիէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Դամասկոսի մէջ, ուր կազմած է իր ընտանիքն ու կեանքի ասպարէզ ընտրած դաստիարակչական խաղալիքներու արտադրութիւնը։ Ընդարձակելով իր աշխատանքին շրջածիրը՝ ան կը զբաղի նաեւ դպրոցներու բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան տարրալուծարաններու կազմութեան եւ սարքերու ապահովման գործով։ Արդէն ինը տարիէ ի վեր կը վարէ «Փիւնիկ» մարդասիրական եւ բարեսիրական համահայկական հիմնադրամի նախագահութիւնը։
Գ. Չէմպէրճեան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1986ին, Խորհրդային միութեան օրերուն, իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք, այցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձած են, որովհետեւ հոգատար բարերարը անսակարկ նուիրումով լծուած է Հայաստանի եւ Արցախի ուսումնական հաստատութիւնները կենսաբանական, քիմիագիտական եւ բնագիտական տարրալուծարաններով օժտելու գործին։ Անոր ջանքերով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կառուցուած շուրջ 550 դպրոցական տարրալուծարանները ոչ միայն յագեցած են անհրաժեշտ սարքերով, այլ նաեւ փորձագիտական աշխատանքներու համար նախատեսուած նիւթերով։ Այս բոլորէն անկախ, ան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նուիրած է 500 համակարգիչ, իսկ Հայաստանի դպրոցներուն՝ աւելի քան 200 համակարգիչ, 250 տպագրիչ մեքենայ եւ անհրաժեշտ այլ պիտոյքներ։
Գ. Չէմպէրճեանի հոգատար նուիրատուութեան արժանացած են նաեւ Սփիւռքի բազմաթիւ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները։ Վերջերս, շնորհիւ անոր, հիմնովին նորոգուեցաւ Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանը, որ կարեւոր դեր կը խաղայ լիբանանահայութեան մշակութային եւ ընկերային կեանքէն ներս։
Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին համար բարերարին կատարած 25,000 տոլարի նուիրատուութեան կողքին, շուտով նոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄի վարժարանի տարրալուծարանները պիտի նորոգուին եւ արդիական սարքերով օժտուին:
Գ. Չէմպէրճեան Տէր Զօրէն հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մարկատէ քաղաքին մէջ հիւանդանոց մը կառուցելու աշխատանքի ընթացքին մէջ է։ Հիւանդանոցը, որ կը բաղկանայ 30 սենեակներէ, ունի յատուկ բաժիններ ծննդաբերութեան, վիրահատութեան եւ ատամնաբուժութեան։ Հիւանդանոցի բացումէն ետք նախատեսուած է, որ Հայաստանէն բժիշկներ ժամանեն եւ շուրջ մէկ տարի աշխատելէ եւ հիւանդանոցը կեանքի կոչելէ ետք, զայն յանձնեն Սուրիոյ կառավարութեան։
Պատասխանելով «Հորիզոն»ի հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ ընտրած է այդ վայրը կառուցելու համար նման հիւանդանոց մը, ան պատասխանած է. «Այս հիւանդանոցը երախտագիտութեան արտայայտութեան ձեւ մըն է հանդէպ սուրիացի ժողովուրդին, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն օթեւան տուին եւ փրկութեան լաստ հանդիսացան հայ ժողովուրդի զաւակներուն։ Մեր նպատակն է նաեւ, որ ամէն տարի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն, ի յիշատակ Եղեռնի զոհերուն, աշխարհի չորս կողմէն բժիշկներ ժամանեն Մարկատէ եւ անվճառ վիրահատումներ կատարեն կարիքաւոր հիւանդներու։ Այս մէկը նաեւ լաւագոյն ապացոյցն է ամբողջ աշխարհին, թէ հայերը ուր որ կայք հաստատեն՝ կը ծաղկեցնեն, կը զարգացնեն եւ կեանք կը շնորհեն»։
Գ. Չէմպէրճեան որեւէ քաղաքական կուսակցութեան անդամ չէ։ Սակայն, երբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան զինք տեղեկացուցած է անցած Յուլիս 10-11ին Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք «Արցախեան հիմնախնդիր, հայ-թրքական յարաբերութիւններ» խորհրդաժողովի կայացման անհրաժեշտութեան մասին, ան անմիջապէս ստանձնած է համաժողովին նիւթապէս օժանդակելու պարտաւորութիւնը եւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին կողմէ 100,000 տոլար նուիրած է սոյն ծրագիրին։ Թէ ի՞նչ նկատարումներէ մեկնած կատարած է այս նուիրատուութիւնը մեր հարցումին պատասխանելով՝ ան յայտնեց. «Ես պատրաստ եմ օժանդակելու, երբ ճիշդ եւ անհրաժեշտ գործի կարիք կայ։ Ես պատրաստ եմ իմ լումաս ներդնելու ազգօգուտ որեւէ գործի»։
Գ. Չէմպէրճեան մեծ ներդրում ունցած է նաեւ հայ եկեղեցական կեանքէն ներս՝ միշտ նեցուկ կանգնելով թէ՛ Էջմիածինի եւ թէ՛ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւններուն։ Մասնակցած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի վերանորոգութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքին։ Ան յայտնած է, թէ վերջերս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խնդրանքով օժանդակած է «Նարեկ»ի ձեռագրի արծաթեայ էջերով հրատարակութեան, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ հազար օրինակով։ Նոյնպէս Էջմիածինի կաթողիկոսութեան խնդրանքով եւ իր մեկենասութեամբ, շուտով պիտի իրագործուի հայերէն առաջին տպագիր Աւետարանի վերահրատարակութիւնը։
Գաբրիէլ Չէպէրճեանի ազգանուէր գործը յաւուր պատշաճի գնահատած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ զայն պարգեւատրելով «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշանով, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ «Մովսէս Խորենացի» իսկ Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան նախկին նախարար Լեւոն Մկրտչեանը՝ «Նախարարութեան ոսկէ մետալ» շքանշաններով։
Հանդիպման աւարտին, Չէմպէրճեան խոստացած է ստանձնել «Հորիզոն»ի երկու հրատարակութեանց ծախսերը:
Յայտնի բարերարը մէկ այլ այցելութիւն մը տուած է նաեւ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւն՝ «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր եւ ծանօթ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանի ընկերակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.