Սեպտեմբեր 3, 2009ի առաւօտեան, Սրբոց Նահատակաց նախակրթարանը եւ «Ֆերահեան» Ազգային երկրորդական վարժարանը վերակենդանացաւ երկու ամսուան արձակուրդէն ետք, երբ աշակերտները վերադարձան դպրոց եւ սկսան ուսումնական 2009-2010 տարեշրջանը։
Առաւօտ կանուխ, յուզիչ էր տեսնել աշակերտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու հանդիպումը. ոմանք դժգոհ էին, որ ամառնային արձակուրդը արդէն վերջ գտած էր, իսկ շատեր ուրախ էին, որ վերադարձած էին իրենց բնականոն կեանքին։
Վերամուտի արարողութեան մասնակից էին տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը, դպրոցի Տնտեսական յանձնախումբի ատենապետ Թորոս Քէչէճեան, յանձնախումբի անդամներ Փիեռ Ենովքեան եւ Ռաֆֆի Կէտիկեան, նաեւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Քրիս Քէօսեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի հերթապահ Զոհրապ Գահուէճեան եւ ծնողներ։
Պաշտօնական բաժինը սկսաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի առաջնորդութեամբ, ներկաները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, ապա տէր հայրը կարդաց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը։
Այնուհետեւ, դպրոցի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն, հրաւիրեց տնօրէնը՝ Ժան Գոսաքեանը, որ իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Տնօրէնը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ ծնողներու զոհողութեան եւ նշեց, թէ անոնք դիմագրաւելով երկրի տնտեսական դժուար կացութիւնը՝ կը շարունակեն իրենց զաւակները զոհաբերութեամբ ուղարկել հայկական վարժարան, հաւատալով անոր առաքելութեան եւ նպատակին, թէեւ կարգ մը աշակերտներ հարկադրաբար ստիպուած էին հեռանալու այս շրջափակէն. այս բոլորով հանդերձ, այսօր դպրոցը կը վերսկսի 680 աշակերտներով, որոնք ինչպէս անցեալին, նաեւ այս տարեշրջանին պիտի ստանան որակաւոր ուսում եւ գուրգուրանք շրջանի հայկական լաւագոյն դպրոցին մէջ։
Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ ամառուան ընթացքին վարժարանէն ներս կատարուած կարգ մը բարենորոգումներուն եւ բարեզարդման աշխատանքներուն։ Արդարեւ, դպրոցի Տնտեսական յանձնախումբը կրցած էր վերանորոգել դպրոցի մարզասրահին բարեխառնիչը իսկ Շրջանաւարտից միութիւնը յանձն առած էր ամբողջութեամբ վերանորոգել դպրոցի մարզասրահին գետինը։ Վերջապէս, ժան Գոսաքեան ծանօթացուց դպրոցի նոր ուսուցիչները՝ մաղթելով յաջող տարեշրջան մը ունենալ, ապա աշակերտներուն թելադրեց ուղղուիլ իրենց դասարանները՝ գործնականապէս սկսելու տարեշրջանը։
***
Միջնակարգի եւ երկրորդականի վերամուտի արարողութենէն ետք, տնօրէնը, շրջանի հովիւն ու հիւրերը ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց նախակրթարանի Նորթ Հիլզի համալիր, որպէսի հոն եւս կատարեն վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը։
Դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ Ատրինէ Արոյեան բացումը կատարելով՝ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց տնօրէն Ժան Գոսաքեանը, որ իր կարգին շնորհաւորելով ծնողներն ու ուսուցչական կազմը՝ բոլորին ներկայացուց տնօրէնի օգնական Դրօ Չէքիճեանը։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով, որմէ ետք աշակերտները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները՝ սկսելու 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանը։