«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Մէհմէտ Ալի Շահին յայտնած է, թէ ան կը յուսայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը մօտիկ ապագային լուծուի։
Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Զաքիր Հաշիմովի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Շահին յայտնած է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» են եւ Թուրքիա, որեւէ պարագայի, Ատրպէյճանի շահերուն վնաս պիտի չհասցնէ։ «Մենք միշտ Ատրպէյճանի կողքին կը կանգնինք», վստահեցուցած է ան։