ԱՆԳԱՐԱ, «Փանորամա».- Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքէջին, թուրքերը վճռականօրէն անհրաժեշտ կր գտնեն արտերկրի մէջ գործող հայկական հզօր լոպպիին հակադարձել նոր ուժով, եւ այդ նպատակը կենսագործելու համար, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն արտասահման ապրող թուրքերը համակարգուած հաւաքական ուժի մը վերածել:
«Արտասահմանաբնակ թուրքերու հարցերով պատասխանատու պետական նախարար Ֆարուք Չէլիքի կողմէ պատրաստուած է համապատասխան օրինագիծ, որ յառաջիկային պիտի ներկայացուի մէճլիսի (թրքական խորհրդարան) քննարկման: Համաձայն այդ օրինագիծին, պիտի նախատեսուի հիմնել Արտասահմանեան թուրքերու վարչութիւն, որ Թուրքիայէն դուրս բնակող թուրքերու խնդիրները հոգալէ բացի, պէտք է զբաղի նաեւ «լոպպիինկ»ով: Ստեղծուելիք կառոյցի լծակները պէտք է ծառայեցուին Թուրքիան աշխարհին ներկայացնելու գաղափարին»:
Նկատենք, որ Անգարայի այս մարտավարական նոր որակը պակաս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, հաշուի առնելով, որ հայկական լոպպիիստական ուժերուն դէմ ճակատ բանալը անհեռատեսական է։ Նման կառոյց հիմնելով՝ Անգարան նպատակ ունի «սուր ճօճել» Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ: Բայց միեւնոյն ժամանակ, նոյն Թուրքիոյ սիրտին մէջ, Անգարայի մտաւորականութիւնը անուղղակիօրէն կը զինակցի հայկական լոպպիինկին: Իբրեւ արդիւնք, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը հետզհետէ կը վերանայ: Փաստ է 2008ին մեկնարկած «ներողութիւն կը խնդրեմ» համացանցային ստորագրահաւաքը, երբ հազարաւոր թուրք մտաւորականներ չզլացան խղճմտանքի ստրոգրութիւններ դնել: