«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Թարաֆ» թերթի քրոնիկագիր Այշէ Հիւր գրող մըն է որ հայկական խնդրի մէջ ամէնէն խիզախ հրապարակումները կ՛ընէ ու պատմական ծայր աստիճան ցնցիչ փաստաթուղթերու մասին կը խօսի։ Այս օրերուն ալ, երբ այնքան մելան կը հոսի Թուրքիա-Հայաստան մերձեցումի ու այդ մերձեցումին դէմ դիրք գրաւողներու մասին, Այշէ Հիւր բնականաբար իր ուշադրութիւնը կրկին պիտի կեդրոնացնէր հայկական ցաւոտ նիւթերու վրայ։ Երէկուան (Կիրակի օրուան, 6 Սեպտեմբեր-խմբ.) իր յօդուածը կը կրէր «Հայաստան ու յիշողութեան բացուածք» խորագիրը։ Յօդուածին մայր նպատակն է ցոյց տալ թէ Թուրքիոյ մէջ պատմութիւն ստեղծելու հարցը ընկալուած է որպէս թրքական ինքնութիւն եւ թրքական ինքնութեան մաքուր ու ազնուական պատմութիւն ստեղծելու գործընթաց։ Այս կերպով էր որ պիտի ստեղծուէր Անատոլուի մէջ մինչեւ 10 հազար տարի անցեալ ունեցող թուրք ցեղի մը առասպելը, թուրք ցեղ մը որ առաջին օրուան կատարելութեան վրայ կը մնար մինչ միւս ցեղերը այս հազարաւոր տարիներու ընթացքին կ՛այլասերէին։
Այսպիսի գործընթացի մը մէջ հայկական հարցն ալ ընկալուած է նոյն մտայնութեամբ ու մշակուած է հայերու հետ կապուած ամէն ինչը մոռացութեան տալու ռազմավարութիւն մը։ Սկզբնական շրջաններուն հայոց պատմութեան մասին մանր մունր տեղեկութիւններ կը տրուէին, հայոց թագաւորութիւններու մասին թէեւ կը խօսուէր, բայց կը խօսուէր որոշ արհամարհանքով, երբեմն առանց յայտնի դարձնելու թէ ո՞ր հողերուն վրայ է որ հիմնուած էին այդ թագաւորութիւնները, նոյնիսկ երբեմն կարծես թէ Անատոլուի հողամասերէն դուրս տեղ մը կը գտնուէին այդ թագաւորութիւնները, շատ փոքր ցոյց կը տրուէին անոնք, կամ հայերու ապրած աշխարհագրութեան համար կ՛ըսուէր, որ հայերէ առաջ հոն էին արդէն Օղուզներ, Փէչէնէքներ, Գըփչաքներ եւայլն, ու այս կերպով այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուէր որ հայերը Անատոլուի հողամասերուն վրայ որեւէ իրաւունք չունէին։
Հայկական թապուն թուրք մտաւորական շրջանակներու մէջ ամրապնդիչ ազդակ մը դարձաւ երբ ստեղծուեցաւ «Կապոյտ Անատոլու» կոչուած հոսանքը, որուն դրօշակիրներն էին Սապահատտին Էյիւպօղլու, Ազրա Էրհատ ու Հալիքարնասի Ձկնորս անուանեալ Ճէվատ Շաքիրը։ Ասոնք կը քարոզէին այն գաղափարը թէ «Անատոլուն մերն է ոչ թէ անոր համար որ մենք գրաւած ենք զայն, այլ անոր համար որ մե՛րն էր արդէն»։ Այս քարոզութեամբ անոնք նոր շունչ մը աւելցուցած էին իրենցմէ առաջ մշակուած գաղափարախօսութեան վրայ։ Վերջին հաշուով Անատոլուն կը դառնար Կրապաշտութեան, Քրիստոնէութեան ու Մահմետականութեան կողմէ կազմուած պատմական ամբողջականութեան մը վերջնական իտէալական ձեւը եւ թրքերէն լեզուն ալ Անատոլուի մէջ խօսուած 72 լեզուներու վերջնական հանգրուանը։ Բայց Անատոլուի անցեալը սնուցանող այս զանազան խմբակներուն մէջ հայերուն ու հայոց քաղաքակրթութեան անունը տեղ չունէր։ Նոյնիսկ Եաշար Քէմալ 1992ին նոյն դիրքը գրաւած էր երբ իր ճառախօսութիւններէն մէկուն մէջ Կիլիկիոյ մասին խօսելու ընթացքին Անավարզա քաղաքի Հիթիթներու ու Բիւզանդիոնի կապուած անցեալին վրայ կանգ առած էր, բայց հայոց խօսքը չէր ըրած, հակառակ որ Անավարզա քաղաքը 1100ական թուականներէն մինչեւ 1375 մայրաքաղաքը եղած էր Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան։ Կարելի չէր որ Եաշար Քէմալ չգիտնար այս կէտը։
1980ական թուականներուն արմատական զարգացում մը արձանագրուեցաւ. դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հայկական հարց մը ներմուծուեցաւ։ Ասիկա ալ պատրաստուած էր նախկին Իթթիհատական, հայոց տեղահանութեան դերակատարներէն Ահմէտ Էսատ Ուրասի կողմէ 1950ական թուականներուն գրի առնուած «Հայկական հարցի մասին ինը հարցում, ինը պատասխան» անուն գիրքին հիման վրայ։ Արտաքին Նախարարութիւնը այս գիրքին տէր կանգնած էր հրատարակուած օրէն ի վեր, միշտ նոր տպագրութիւններու արժանացուցած էր, օտար լեզուներու թարգմանել տուած էր։ Այս գիրքին համաձայն հայերը Օսմանեան մշակոյթի մէջ ձուլուած վիճակով երբ երջանիկ կեանք կ՛ապրէին, յանկարծ Թուրքիոյ դէմ թշնամական դիրք գրաւած էին։ Հայերու այս թշնամութեան որպէս փաստ ցոյց կը տրուէին 1894, 1896 Ուրֆայի ու Սասունի պատահարները եւ 1909 թուականի Ատանայի դէպքը։ 1915-1917ի տեղահանութիւնը կ՛ընկալուէր որպէս այս պատահարներուն դէմ ինքնապաշտպանութեան միջոցառում։ Էսատ Ուրասին այս տեսակէտները աւելի վերջ իւրացուեցան ուրիշ գրողներու կողմէ ալ։
Կրթական Կոմիտէ մը դպրոցներուն մէջ ուսուցիչներէն սպասեց որ անոնք դասաւանդութիւններ ընեն պետութեան ցեղասպանութեան տեսակէտին եւ այլ խնդիրներու մասին, նոյնսկ նորագոյն շրջաններուն դպրոցներուն հրահանգուեցաւ որ աշակերտներուն շարադրութիւններ գրել տան հայոց ապստամբութիւններուն մասին։ Ի՜նչ հեգնանք որ այս դպրոցականներուն մէջ հայ աշակերտներ ալ կային։
2005 թուականին խումբ մը գիտնականներ Օսմանեան շրջանի հայերուն մասին նոր մերձեցումով համագումար մը կազմակերպել ուզեցին. օրուան դատական նախարար Ճէմիլ Չիչէք ըսաւ, որ ասոնք մեզ կռնակէն կը դաշունահարէին։ Այս ծանր վերագրումին վրայ համագումարը ջնջուեցաւ։ Թուրք պաշտօնական պատմութեան մէջ «կռնակէն դաշունահարել»ու առասպելը գործածուած էր արաբներու մասին, բայց հիմա դատական նախարար մը նոյնը կը գործածէր հայկական հարցով զբաղող խումբ մը գիտնականներու համար։ Անկէ վերջ նոյն ամբաստանութիւնը գործածուիլ սկսաւ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը պահանջէին որ Թուրքիա երես առ երեսի գայ իր պատմութեան հետ, կամ Թուրքիա քայլ յարմարցնէ միջազգային չափանիշներու, եւայլն։
Այս բոլորին նշանակութիւնը հետեւեալն էր։ Թրքական ինքնութիւնը կրնար ինքզինք գոյութեան կոչել միայն անգոյ նկատելով 1915-1917 թուականներու պատահարները։ Օսմանեան կայսրութիւնը վերջին 50 տարիներու ընթացքին փլուզումներու մէջ էր, կայսրութիւնը փրկելու բոլոր ճիգերը ապարդիւն կը մնային, եւ այս բոլորէն պատասխանատու կը նկատուէին կայսերապաշտ ուժերն ու անոնց հետ գործակցող փոքրամասնութիւնները։ Օսմանեան ղեկավարները կը մտածէին որ այլեւս Արեւմուտքը զիրենք մարդու տեղ չէր դներ ու իրենք ոնչնչանալու վտանգին սեմին հասած էին։ Իրենց միակ մխիթարութիւնն այն էր թէ այս վիճակին պատասխաանտուները ներսի փոքրամասնութիւններն էին։ Այս պայմաններու մէջ Քէմալական թուրք ազգայնապաշտները «բոլորովին ուրիշ» նկատուած հայերուն դէմ միացան քիւրտերու հետ որոնք «նուազ ուրիշ» կը նկատուէին. քիւրտերու հետ գործակցելով հայերն ու յոյները ղրկեցին այնքան հեռու որքան կարելի էր, անկէ վերջ ալ սկսան հաշիւ տեսնել քիւրտերուն հետ։ Քիւրտերու հետ պայքարը այնքան արիւնալի էր որ անիկա առիթ դարձաւ որպէսզի յիշողութիւններէն սրբուին հայոց դէմ կատարուածները։ Այս գործընթացի մեղսակիցները միայն իթթիհատականներու հետ ազգականական կապ ունեցող Քէմալական ընտրանիները չէին, նոյնքան մեղսակից էին նաեւ անոնք որոնք երկրէն արտաքսուած հայերուն ինչքերն ու կալուածները թալանած էին, հայոց զաւակները իբր սպասաւոր կամ հոգեզաւակ առած էին, հայոց աղջիկները իրենց հարէմներուն մէջ դրած էին։ Նոյնքան մեղսակից էր այն քաղքենիութիւնը որ հայերէ մնացած հարստութիւնները իր դրամագլուխը դարձուցած էր, կամ այն արհեստաւորները որոնք հայերէ պարպուած կալուածներուն վրայ իրենց համար նոր գործ ստեղծած էին։ Բոլոր այս մեղսակիցները հիմա պէտք է մոռնային այս անցեալը, անոնք պէտք է զերոյի վերածէին իրենց յիշողութիւնը։
Հանրապետութեան ղեկավարներու նոր կազմը, որպէսզի թրքութեան զգացում մը ստեղծեն, թէ՛ որպէս պետութիւն ուզեցին իրենք զիրենք տարբեր դարձնել Օսմանեան պետութենէն որ հինը, յետամնացութիւնը, արեւելքցիութիւնը կը խորհրդանշէր, թէ՛ ուզեցին թուրք ժողովուրդը փրկել պղտոր ու բարդ Օսմանցիի ինքնութենէն ու անոր շահեցնել լաիք քաղաքացիի ինքնութիւն։ Նոր ազգ մը ստեղծելու այս գործընթացին մէջ հայկական ինքնութիւնն ալ, թէ՛ որպէս բարբարոս ու ահաբեկիչ ժողովուրդ, թէ՛ որպէս ծայրայեղ կրօնամէտ քրիստոնեայ ժողովուրդ, թէ՛ որպէս միջազգային համակարգի մէջ խորունկ արմատներ ունեցող Սփիւռք, ազգայնապաշտներէն մինչեւ ձախակողմեաններ, լաիք շրջանակներէն մինչեւ ամէնէն կրօնամէտ շրջանակները, մտաւորականներէն մինչեւ պարզ ժողովուրդ, բոլորին համար դարձաւ չորս-չորսնոց «ուրիշ» մը, օտար մը։
Նոյն գործընթացին մէջ հայերուն միշտ ալ վերագրուեցաւ ներքին թշնամիի դիմագծութիւն եւ համոզումն ալ այն էր որ ներքին թշնամին աւելի վտանգաւոր էր արտաքին թշնամիէն, որովհետեւ արտաքին թշնամին մասամբ տեսանելի էր։
Բայց հայերը «ուրիշ» նկատելու այս քաղաքականութեան յաջողութեան համար պետական բոլոր ուժերուն միասնականութիւնը պայման էր։ Այս միասնութիւնը ապահովուեցաւ իշխող հեղինակութեամբ մը։ Ի վերջոյ երկրին քաղաքացիներն ալ սկսան հաւատալ որ իրենց էական պարտականութիւնն է իւրացնել պետութեան կողմէ պարտադրուած պատմական բացատրութիւնը։ Եւ պետութիւնը, որպէսզի ապահովութեան տակ պահէ ժողովուրդին այս համոզումը, պէտք է ընդգծէր այն վտանգները որոնք կրնային ստեղծուիլ ժողովուրդին համար, ինչպէս Սեւրի դաշինքի վերակենդանացումը, Ֆէնէրի Պատրիարքարանի շուրջ Բիւզանդական նոր պետութեան մը ստեղծումը, ԿԱՓ-ի շրջանին մէջ Իսրայէլին հողամաս գնելը, Պոնտոսի վերստեղծումը, եւայլն։ Պետութիւնը չմոռցաւ նաեւ յաճախակի կերպով յիշեցնել թէ հայերը երեք պահանջներ ունէին շարունակ, ցեղասպանութեան ճանաչում, Թուրքիայէն հատուցման ու հողի պահանջատիրութիւն, վերջապէս օտար պետութիւններու օգնութեամբ Թուրքիան բաժան բաժան ընելու ծրագիր։ Հայերը, որոնք Օսմանեան հսկայ կայսրութիւն մը կրցած էին փճացնել, Սփիւռքի հետ իրենց կապերուն շնորհիւ դիւրութեամբ կրնային բաժան բաժան ընել փոքրիկ Թուրքիան։
Բայց երբ Օսմանեան շրջանի տափուի (կալուածային-խմբ.) արձանագրութիւններուն վրայ կարծր արգելքներ դրուեցան, փաստուած եղաւ որ պետութեան բուն վախցածը ցեղասպանութեան պիտակին ենթարկուիլը կամ երկրին բաժան բաժան ըլլալը չէր, պետութեան բուն վախցածն էր տեղահանութեան ընթացքին գրաւուած հայկական ինչքերն ու կալուածները յանկարծ վերադարձնելու ստիպողութեան հեռանկարը։
Այս հիւանդագին հոգեվիճակը երկրին մէջ դեռ երկար կրնար շարունակուիլ, բայց մէկ կողմէ հայերը յամառօրէն կը հետապնդէին իրենց դատը, մէկ կողմէ ալ 20րդ դարը այլեւս դարձած էր զանազան երկիրներու ու պետութիւններու կողմէ անցեալի սխալներու համար ներողութիւն խնդրելու դարաշրջան։ Այսօր պատմութեան հետ երես առ երեսի գալը գրեթէ դարձած է բարոյական չափանիշ մը։ Պակասաւոր բաներ դեռ կան, բայց ստոյգ է որ այսօր միջազգային հանրութեան չեն կրնար անդամակցիլ այն հաւաքականութիւնները որոնք իրենց անցեալին հետ երես առ երեսի չեն գար։
Այս նոր մտայնութիւնը թերեւս պիտի օգնէ որ առողջ լուծումով մը գոցուի սա 1915ին բացուած փակագիծը, որ թուրք հաւաքականութեան մօտ յառաջացուցած է «շիզոֆրէնիք» անջատում մը։ Այս տեսակէտէ շատ կարեւոր ըլլալ կը թուի հայկական հարցին մէջ կառավարութեան նոր բացուածքը։ Կը բաւէ որ այս նոր բացուածքը քայլ յարմարցնէ տիեզերական իրաւակարգին ու բարոյականութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.