Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը» միջազգային ակադեմական խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները Պէյրութի մէջ:
Երկու օրերու՝ Հինգշաբթի, 3 եւ Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2009ի վրայ երկարող այս խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բրիտանիայէն, Եգիպտոսէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն, Իրլանտայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն պատմագէտներ, միջազգային օրէնքի մասնագէտներ եւ հանրածանօթ ցեղասպանագէտներ:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան շուրջ հարիւր Հայ դատի, միջազգային օրէնքի, քաղաքական գիտութիւններու, ընկերաբանութեան, պատմութեան դասախօսներ, կուսակցական գործիչներ, միութենականներ, կրօնականներ, Հայ դատի հետապնդման գաղութահայ թէ լիբանանահայ գործիչներ, մտաւորականներ, կրթական դաստիարակներ, ազատ ասպարէզի անհատներ, ուսանողներ եւ մամլոյ գործիչներ:
Խորհրդաժողովը ընթացաւ աշխուժ մթնոլորտի մէջ. տեղի ունեցաւ առողջ եւ շինիչ հարց-պատասխան ներկաներուն եւ բանախօսներուն միջեւ:
Խորհրդաժողովը ակադեմական բարձր մակարդակով արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման եւ ճանաչման հարցերը, շեշտուեցան ճանաչման գործընթացին թեքնիք եւ քաղաքական արգելքները: Արծարծուեցաւ ժխտման քաղաքականութեան մէջ թրքական ազգայնականութեան դերը եւ կատարուեցան որոնումներ՝ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յառաջմղման ի խնդիր:
Քննարկուեցան միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ ցեղասպանութեան եւ «մարդկութեան դէմ ոճիր»ի նորագոյն դատավարութիւններու, ինչպէս նաեւ ոչ պետական միջոցներով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը կարգաւորելու փորձերը: Ժողովը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան տնտեսական խնդիրներուն եւ պապենական կալուածներուն ու լքուած գոյքերուն վրայ յառաջացած թուրք-քիւրտ վերնախաւին, Թուրքիոյ՝ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդութեան, կայսրութենէ հանրապետութիւն փոխակերպումի ընթացքին ղեկավարութեան անփոփոխութեան:
Խորհրդաժողովը միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ քննարկեց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խնդիրները, վնասուց հատուցման եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը:
Խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու թուրք եւ քիւրտ քաղաքացիական հասարակարգի, մտաւորականութեան եւ մասնագէտներու դերը՝ Հայոց ցեղասպանութեան կարգաւորման մէջ եւ ընդգծեց հայեւթուրք անհաւասար հիմքերով յարաբերութիւններու փաստը:
Խորհրդաժողովը լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի ընթացքը եւ զայն համաշխարհայնացնելու անհրաժեշտութիւնն ու միջոցները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայերէն դասագիրքերու եւ դասանիւթերու շարքին ընդգրկելու հարցերը:
Հուսկ, քննարկումները ի յայտ բերին նոր ուղիներու եւ միջոցներու կարելիութիւններ եւ մատնանշեցին անհրաժեշտութիւնը աւելի լայնածիր ակադեմական եւ իրաւական ուսումնասիրութիւններ կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական, իրաւաբանական եւ միջպետական յարաբերութիւններու երեսակներուն մէջ:
Խորհրդաժողովի աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յոյս յայտնեց, որ խորհրդաժողովին նիւթերը առանձին հատորով լոյս ընծայուին յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին խորհրդաժողովի յաջողութեան:
Խորհրդաժողովին զուգահեռ կազմակերպուած էին նաեւ հրապարակային երեք ձեռնարկներ՝ 3 Սեպտեմբերին՝ «Միջազգային օրէնքի փորձը՝ կարգաւորելու Ի. դարու ցեղասպանութիւնները» ասուլիսը մասնակցութեամբ դոկտորներ Ռոճըր Սմիթի, Ուիլիըմ Շապասի, Ալֆրետ Տը Զայասի եւ Հանրի Թերիոյի, 4 Սեպտեմբերին՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան տնտեսական հետեւանքները Տիարպեքիրի շրջանին վրայ» դասախօսութիւնը (դասախօս՝ դոկտոր Ուղուր Իւնկէօր), եւ 8 Սեպտեմբերին՝ «Մտորումներ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն» բանախօսութիւնը՝ (բանախօս՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան):
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՄԻæԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պէյրութ-Լիբանան
7 Սեպտեմբեր 2009