ՊՈԼԻՍ.- «Թուտէյզ Զաման» Երկուշաբթի օր «լաւ լուր» կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը առողջ է։ «Ոչ այնքան լաւ լուրը այն է, որ դեռ կիսախաղին ենք, եւ երկու ազգային խումբերուն մոլեռանդ համակիրները դաշտին վրայ սուր դանակներ նետելով՝ կրնան մրցումը ջնջել կամ իրենց խումբերը դուրս ձգել», կը գրէ թերթը, որ կ՛ընդունի նաեւ, թէ 22 Ապրիլի որոշումին նպատակն էր կասեցնել ամերիկեան Քոնկրէսին եւ Սպիտակ տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանչումը: «22 Ապրիլի յայտարարութիւնը մասնակիօրէն կատարեց իր առաքելութիւնը։ Սպիտակ տունը 24 Ապրիլին հրապարակեց իր աւանդական «Հայկական յիշողութեան օր» նամակը, առանց ակնարկելու «Ց» բառին։ Սակայն այս անգամ «Մ» բառն էր, որ թուրք ազգայնականները անակնկալի բերաւ։ Պարաք Օպամա անգամ մը եւս իր իւրայատկութիւնը ցուցադրեց՝ օգտագործելով հայերէն «Մեծ եղեռն» եզրը, որ աւելի ընդհանրական ցեղասպանութեան հասկացողութեան ակնարկելու զգացական կերպ մըն է», կը գրէ թերթը։
Նաեւ, Իհսան Տաղը նոյն թերթին մէջ կը յայտնէ, որ արձանագրութիւններուն մասին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յարաբերութեանց բնականոնացման ջանքերը դեռ սեղանին վրայ են։ «Սակայն շրջանային մակարդակի վրայ բնականոնացման բանալի մը բացակայ էր արձանագրութենէն, եւ այդ ալ Ղարաբաղի հարցն է: Դժուար է տագնապի շրջանի մը մէջ «երկկողմանի խաղաղութիւն» պահել։ Ուստի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իսկական բնականոնացումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքականութեան եւ ընկերային հոգեբանութեան բնականոնացում կը պահանջէ», կը գրէ ան։
Նոյն թիւին մէջ, Եաւուզ Պայտար կը գրէ, թէ Իրաքի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հարցերով Անգարայի ապահովելիք յաջողութիւններուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերցնել Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դէմ ցցուած արգելքները:
«Սապահ» թերթը կ՛անդրադառնայ եւրոասիական ցամաքային ճանապարհի մը նոր նախաձեռնութեան մէջ՝ Թուրքիոյ համար նախատեսուած կարեւոր դերին: Այդ ծրագիրը կը ձգտի Եւրոպա-Կովկաս ինքնաշարժի ճանապարհի կապ ստեղծել։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու ըսած է, որ Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց նախարարներու կիսապաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին, ան երկու առաջարկ ներկայացուցած է. առաջինը՝ Թուրքիան կ՛առաջարկէ հարաւարեւելեան եւրոպական երկիրներու վեհաժողով կազմակերպել, իսկ երկրորդը՝ Թուրքիան Կովկաս-Եւրոպա ցամաքային ուղին պիտի իրականացնէ։ Այդ ճանապարհը սկիզբ պիտի առնէ Ատրպէյճանէն, պիտի անցնի Լեռնային Ղարաբաղէն, Լաչինի միջանցքէն, Հայաստանէն, Նախիջեւանէն, ապա Թուրքիոյ ճամբով մուտք պիտի գործէ Եւրոպա։
«Միլլիյէթ» կը գրէ, թէ «Հակառակ անոր, որ վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ կեանքը կայունացած է, այդ երկրի բնակչութեան թիւը կը նուազի։ Ատոր կը նպաստէ հիմնականին մէջ այն, որ Հայաստան մինչեւ այսօր շատ բարդ տնտեսական կացութեան մէջ է։ Այսօր աշխարհի վրայ կը բնակի շուրջ 8-10 միլիոն հայ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը արտասահման է։ Սփիւռքը սկսած է բողոքելու եւ դժգոհութիւն յայտնելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած տեղաշարժներուն համար»։
«Զաման» օրաթերթը իր «Թուրքիոյ հանդէպ Ատրպէյճանի դժգոհութիւնը կրնայ աճիլ» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը իրենց դժգոհութիւնը կ՛արտայայտեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ջերմացման նկատմամբ եւ այդ դժգոհութիւնը կրնայ աճիլ։ Ատրպէյճանի Կովկասի հիմնարկի տնօրէն Ռուշէն Իպրահիմով նշած է, որ եթէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները շարունակուին բարելաւուիլ նոյն կշռոյթով, ապա Ատրպէյճանի մէջ հակաթրքական տրամադրութիւնները անկասկած պիտի աճին։ «Թուրքիա պէտք է այս մասին մտածէ, նախքան իր յաջորդ լուրջ քայլը կատարելը», կը նշէ Իպրահիմով: