ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, Թուրքիոյ կառավարութենէն քրտական հարցի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց շուրջ Անգարայի վերջին նախաձեռնութեանց ետին կանգնող դրդապատճառներուն մասին յստակացումներ պահանջած է։
Կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալ շաբաթավերջին յայտնած է. «Մեզի մի վստահիք։ Ձեր ուղեկիցը պիտի չըլլանք, արդէն իսկ այլ ընկերներ ունիք։ Բարի ճանապարհ ձեզի։ Սակայն կը խրատեմ, որ ձեր ուղեւորութենէն կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնաք»։
Պայքալ կը հակազդէր Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի այն խօսքին, թէ՝ իր կուսակցութիւնը Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան դուռը պիտի բախէ, եթէ այս վերջինը չհամաձայնի հանդիպում ունենալ։
Իր կարգին, Էրտողան Պոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին ըսաւ, որ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բանակցութիւնները ոմանց անտեղի կերպով իրարանցումի մատնած են։ «Ես կը զգուշացնեմ. բաւական է անհանգստացնել մեր ատրպէյճանցի եղբայրները, որովհետեւ չէք գիտեր, թէ ի՛նչ բանակցութիւններ կը վարենք, եւ ի՛նչ կը քննարկենք», նշած է Էրտողան՝ աւելցնելով, որ այն ինչ, որ կը կատարուի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ է։