ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ «Միացում» ազգային նախաձեռնութեան հաւաքին մասնակիցներու յայտարարութեան, «Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն Յուլիս 10ի համատեղ յայտարարութիւնը եւ «մատրիտեան սկզբունքներ»ու, «ճանապարհային քարտէս»ի ընդհանրական հրապարակումը, ինչպէս նաեւ նշեալ սկզբունքներուն շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հիմնական համաձայնութեան հասած ըլլալու մասին կատարուած յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ յառաջիկայ ամիսներուն նոր եւ վտանգաւոր զարգացումներ կը սպասուին Արցախի, եւ անոր հետ սերտօրէն առնչուող՝ Թուրքիոյ հետ «յարաբերութիւններ»ուն կապակցութեամբ»:
Յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած՝ Օգոստոս 31ին պաշտօնապէս հրապարակուած փաստաթուղթերու փաթեթին օգնութեամբ, աշխատանք կը տարուի վերջնականապէս լուծելու Հայկական հարցը՝ ի նպաստ Թուրքիոյ:
«Նշուած փաստաթղթի վաւերացումը պարտադրելու է Հայաստանին ճանաչել Թուրքիան ներկայ սահմաններով, որով վերավաւերացուելու է 1921ի Կարսի պայմանագիրը. պատմական հարթութեամբ զբաղուող ենթայանձնաժողովի կողմից անվերջ քննարկուելու է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ճանաչելու է ցանկացած որեւէ երրորդ պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանների անխախտելիութիւնը, ինչը ուղղակիօրէն վերաբերւում է Արցախի խնդրին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Հաւաքի մասնակիցները իրենց վճռականութիւնը կը յայտնեն անկոտրում մնալու Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հիմնահարցերու պաշտպանութեան գործին, եւ պատրաստ են նպաստելու այս հարցերուն շուրջ ազգային լայն համախմբման արդի հրամայականին: