Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը պնդէ, թէ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Օգոստոս 31ին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան շուրջ քննարկումը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա, Հայաստանի վրայ ճնշումներ բանեցնելով՝ անընդունելի նախապայմաններ ընդունելու պարտադրանքին տակ դրած է Երեւանի իշխանութիւնները:
«Նման նախապայմաններ կը խախտեն միջազգային օրէնքներու տարրական սկզբունքները եւ Հայաստանը կը դնեն ապօրինի դաշինքներ ընդունելու պարտադրանքին տակ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հոն կը շեշտուի, թէ այս արձանագրութիւններուն վաւերացումով, Հայաստան պիտի չկարենայ հետապնդել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքները ու Ատրպէյճանի ի նպաստ անընուդնելի զիջումներ պիտի կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը շեշտէ, թէ արձանագրութիւնները կ՛անտեսեն այն իրողութիւնը, թէ՝ նման համաձայնութիւններու գոյացման մէջ նկատի պէտք է առնուի նաեւ Հայկական Սփիւռքին կարծիքը, որ «քաղաքական նման խորհրդակցութեանց օրինական կողմերէն մէկն է»:
«Միջազգային համայնքը պէտք է մերժէ նման անընդունելի պայմանները Հայաստանի պարտադրելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները շահագործելու Անգարայի փորձերը», կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեանը: