ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոն եւ Մարք Քըրք Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին վերապահութեամբ մօտեցած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով՝ Օգոստոս 31ին հրապարակուած Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց համատեղ յայտարարութեան նկատմամբ:
Կասկած յայտնելով Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն նկատմամբ, անոնք շեշտեցին, թէ Անգարա սկսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը շահագործելու՝ ձգձգելով Հայաստանի դէմ իր պարտադրած 16ամեայ ապօրինի շրջափակման վերացումը:
Անոնք նաեւ մտահոգիչ կը համարեն Թուրքիոյ նախապայմանները՝ քննադատելով յատկապէս պատմական հարցեր քննելու նպատակով յանձնաժողով մը կազմելու պայմանը, միաժամանակ աւելցնելով, որ Արցախի տագնապը ե՛ւս պէտք չէ կապել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն:
Փալոն եւ Քըրք յայտարարեցին, թէ Թուրքիա նախ պէտք է Հայաստանի «ապօրինի շրջափակման» վերջ մը դնէ ու պէտք է պատրաստ ըլլայ Հայաստանի հետ հաստատելու բնականոն յարաբերութիւններ՝ «հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան վրայ»:
Քոնկրէսականներուն յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ մեր համացանցային կայքին՝ www.asbarez.com-ի վրայ:
Նշենք, որ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած էր այս շաբթուան ընթացքին: