ՕԹԹԱՈՒԱ.- Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը )ՔՀԴՅ( յայտարարեց, թէ «լուրջ մտահոգութիւններ» ունի Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Օգոստոս 31ին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան նկատմամբ՝ անոր պայմանները գտնելով «անընդունելի», տրուած ըլլալով այնտեղ նշուած զիջումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդին իրաւունքները, ապահովութիւնը եւ ապագան ընդհանրապէս։
«Այս արձանագրութիւնները յստակօրէն Հայաստանի վրայ կիրարկուած ճնշումի արդիւնք են, ճնշում՝ որուն նպատակը Հայաստանի կողմէ զիջումները նախապայման կ՛ուզէ դարձնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու վերաբացման ու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Արձանագրութիւնները մասնաւորապէս կը պահանջեն, որ երկու երկիրները ստեղծեն «պատմական եզրերը համադրող ենթայանձնախումբ մը», որ երկու երկիրներուն միջեւ պիտի ստեղծէ փոխադարձ վստահութեան առաջնորդող երկխօսութիւն մը՝ ներառեալ պատմական փաստաթուղթերու եւ արխիւներու անաչառ ու գիտական քննութիւնը, որպէսզի ըստ այնմ, սահմանուին գոյութիւն ունեցող հարցերը ու բանաձեւուին թելադրանքներ»։
Այս մէկը կրնայ օգտագործուիլ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնելու նպատակին համար», կը շեշտէ ՔՀԴՅը։
«Փաստօրէն, «Ցեղասպանութիւն» եզրը կը մնայ բացակայ արձանագրութեանց մէջ։ Այսպիսով, ձգտումը կայ քաղաքական լուծում մը գտնելու մարդկութեան դէմ այս ոճիրին, անտեսելով միջազգային գետնի վրայ անոր ճանաչման օրինական հիմքը եւ առաջ մղելով Թուրքիոյ քաղաքական շահերուն ծառայող լուծում մը։ Այս բոլորէն անկախ, Թուրքիոյ կողմէ իսկական երկխօսութեան մը ձեռնարկումը կը մնայ կասկածելի, տրուած ըլլալով ներկայ կառավարութեան հետապնդած Ցեղասպանութեան հանդէպ մերժողական քաղաքականութիւնը։ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս Հայոց Ցեղասպանութիւնը արծարծողները կը մնան ենթակայ օրինական հալածանքի, ըստ Թուրքիոյ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածին, որ նաեւ ապօրէն կը դարձնէ որեւէ նախատինք՝ հանդէպ Թուրքիոյ, թրքութեան ու թրքական պետական հաստատութիւններու։ Միջազգային գետնի վրայ թրքական պետութիւնը, կը շարունակէ մեծ գումարներ ծախսելով տարածել իր հակաքարոզչութիւնը՝ ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս ամերիկեան Քոնկրէսէն ու քանատական խորհրդարանէն ներս, ի շարս այլ վայրերու։
Առաւել եւս, արձանագրութեանց լեզուն, որ կը վերաբերի գոյութիւն ունեցող սահմաններու փոխադարձ ճանաչման, հողային ամբողջականութեան ու սահմաններու անխախտելիութեան, Թուրքիոյ կողմէ կրնայ օգտագործուիլ խափանելու համար միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած օրինաւոր պահանջներն ու հատուցումները, ինչպէս նաեւ ընդդիմանալու ու խեղաթիւրելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցին խաղաղ կարգաւորման համար մղուող առկայ բանակցութիւնները», կ՛աւելցնէ յանձնախումբը:
ՔՀԴՅն կը հաւատայ, որ պէտք չէ այսպիսի նախապայմաններ գոյութիւն ունենան՝ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման ու սահմանի վերաբացման համար։ Բնականոն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ պարտին հիմնուիլ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ոճիրին ճշգրիտ ու արդար լուծումի մը հիմքին վրայ։
«Այս յայտարարութիւնը սպասելի էր եւ պէտք չէ որ զայն անակնկալ նկատենք՝ տրուած ըլլալով Ապրիլ 22, 2009ի յայտարարութիւնը։ Օգոստոս 31ի արձանագրութիւնները անյստակ են ու անհաւասարակշիռ, յօգուտ Թուրքիոյ։ Ասիկա կը փաստէ, թէ յանձնառութիւնը կը պակսի երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար, եւ թէ գոյութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի գին մղուող ջանքերը խոչընդոտելու մղում մը», յայտարարեց ՔՀԴՅի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան:
«Տրուած ըլլալով, որ Քանատայի Ծերակոյտը 2002ին, խորհրդարանը՝ 2004ին ու կառավարութիւնը՝ 2006ին պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ քանատացիներ՝ մենք մեզ վիրաւորուած կը զգանք։ Այս արձանագրութիւնները կ՛արհամարհեն Քանատայի, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու մէջ ձեռք բերուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները ու կը ծառայեն նման ճանաչումներ խափանելու արշաւին», կ՛եզրակացնէ ՔՀԴՅն: