ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցին մէջ նոր քաղաքականութիւն մշակելու մասին կառավարութեան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները տակաւին հրապարակուած չեն, սակայն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը շարունակեն խստօրէն քննադատել զայն:
Ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տէվլէթ Պահչէլի վերջին քանի մը օրերուն աւելի խստացուցած է իր խօսակցութեան շեշտը ու իր քննադատութիւններուն մէջ սկսած է նաեւ լուրջ սպառնալիքներու դիմել։ Ան կը խօսի «Գորշ քայլեր»ը պատերազմի դաշտ իջեցնելու, եւ, ի հարկին, Անատոլուն «վերստին գրաւելու» սպառնալիքներով։
Պահչէլի Կիրակի օրուան իր ճառախօսութեան մէջ ըսաւ, որ «Գորշ քայլեր»ը միշտ կրցած են հրապարակ իջնել՝ պաշտպանելու համար հայրենասիրութիւնը։ «Մենք այսօր պարտաւոր ենք կոտրել այս սմսեղուկ պաշարումը, որուն կ՛ուզեն մեզ ենթարկել։ Այսօրուան իշխանութեան հետ գործակցաբար, դուրսինները սկսած են հարցաքննութեան ենթարկել մեր ազգը, հայոց պատմութեան հետ կապուած մեր անցեալը, ցեղախումբերու պետերը, եւ այլն։ Այն ուժը, որ 600 տարի ամբողջ աշխարհը ահ ու սարսափի մատնեց, հիմա ափ մը յելուզակի հետ գլուխ չկրցաւ ելլել։ Մենք ի վիճակի ենք բոլորին դաստակները կոտրելու։ Ո՛չ խաղի կու գանք, ո՛չ ալ խաղ կ՛արտօնենք։ Եթէ հարկ ըլլայ, մենք մեր կեանքը կը զոհենք ու Անատոլուն վերստին կը գրաւենք»։
Կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Մէհմէտ Շանտըր Մէրսինի մէջ ազդարարեց, թէ կառավարութեան քայլերը Թուրքիան կրնայ դարձնել «փոքրամասնութիւններու դժոխքի մը ու կրնայ ներքին բախումներու առաջնորդել։ «Ասոր արդիւնքը յստակ է։ Ասիկա Թուրքիան բաժան-բաժան կ՛ընէ։ Վաղը բոլոր ազգային խումբերը նոյնը պիտի պահանջեն», ըսաւ ան:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը եւս, համեմատաբար նուազ սպառնական ոճով, կը շարունակէ քննադատել կառավարութեան նախաձեռնութիւնը։ Կուսակցապետ Տէնիզ Պայքալ Իզմիրի մէջ ըսաւ, որ այս բոլորը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքականութիւնն է։ «Կը հասկնանք, թէ Ապտուլլահ Օչալան ինչո՛ւ կ՛ուզէ ընել այսպիսի բան մը, բայց վարչապետը ինչո՞ւ նոյնը կ՛ուզէ՝ չենք հասկնար», ըսաւ ան: