ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ միակ կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան, նախագահ Ահմէտ Թիւրք Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին յայտարարեց, թէ կարելի պիտի չըլլայ քրտական տագնապը լուծելու կառավարութեան ջանքերը յաջողութեամբ պսակել, եթէ իշխանութիւնները բարեփոխումի չենթարկեն երկրին ներկայ սահմանադրութիւնը:
Ան կը պատասխանէր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայի այն պնդումին, թէ՝ քրտական տագնապը լուծելու համար երկրին սահմանադրութեան փոփոխութիւնը անհրաժեշտ չէ: «Առանց ներկայ սահմանադրութիւնը փոխելու, Թուրքիոյ մէջ քրտական տագնապի լուծումը անկարելի է», պնդած է Թիւրք: