ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իգդիրի կարգ մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կենսոլորտի պահպանութեան կողմնակից քաղաքացիներ Երկուշաբթի, Օգոստոս 31ին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թուրքիա-Հայաստան սահմանէն 16 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հայաստանի «Մեծամօր» հիւլէակայանին դէմ։
Ցոյցը կատարուեցաւ քաղաքապետութեան շէնքին առջեւ եւ անոր մասնակցեցաւ նաեւ քաղաքապետը՝ Մ. Նուրի Կիւնէշը։ Քաղաքապետը կարդաց այս մասին հասարակաց յայտարարութիւն մը եւ ըսաւ, թէ խնդրոյ առարկայ կայանը Հայաստանի սահմանակից Թուրքիոյ շրջաններու ժողովուրդին վտանգ կը սպառնայ, եթէ որեւէ արկածի մը պատճառով անկէ քիմիական փախուստներ տեղի ունենան: Ըստ անոր, շրջանի ժողովուրդը կը գտնուի «հիւլէական ամպերու սպառնական ազդեցութեան տակ», ու նոյնիսկ Իգդիր քաղաքը, որ շատ մօտ է կայանին, կրնայ «ջնջուիլ քարտէսէն»։
Ան նաեւ յայտնեց, թէ սահմանակից գիւղերէն հասնող լուրերը սահմռկեցուցիչ են։ «Մեռեալ ծննդաբերութիւն կատարող անասուններու թիւին զուգահեռաբար, վերջին տարիներուն տեղւոյն կիները նաեւ յաճախ մեռեալ ծննդաբերութիւններ կ՛ունենան։ Քաղցկեղի պարագաները յաճախակի են եւ վստահ ենք, թէ կեանքի սպառնացող բոլոր այս դէպքերը կը պատահին Հայաստանի հիւլէական կայանի պատճառով», նշեց քաղաքապետը։