ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, «անընդունելի» որակած է նախաստորագրուած երկու արձանագրութիւնները՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մասին:
«Քօղարկուած պայմանները՝ Թուրքիոյ կողմից արծարծուած մինչեւ հիմա, առկայ են փաստաթղթում», յայտնած է Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ «Ցաւում եմ, թէ մեր նախագահը գնում է մի փաստաթղթի ստորագրման, որի իրաւունքը չունի: Ոչ մի իշխանութիւն իրաւունք չունի Ցեղասպանութեան հարցը սակարկութեան նիւթ դարձնի, սերունդների հաշուին յայտարարութիւններ անի»:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութեամբ կը նախատեսուի պատմական հարցերով ենթայանձնաժողովի գործունէութիւն՝ հայ, թուրք եւ զուիցերիացի փորձագէտներու մասնակցութեամբ: Այս կապակցութեամբ Հրանդ Մարգարեան յայտնած է, որ «Կարելի է դա տարբեր ձեւով մեկնաբանել, բայց ես շատ լաւ եմ յիշում Օբամայի մէկ յայտարարութիւնը հէնց Թուրքիոյ մէջ Ապրիլին. ասում էր, թէ՝ «Իմ կարծիքը չի փոխուել Ցեղասպանութեան հարցում, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ երկու երկրները հիմա դիւանագիտական յարաբերութիւններ են ձեռնարկում, որտեղ նաեւ կը քննարկուի այս հարցը»: Այն ժամանակ մեզ համար շատ շփոթ էր դա, այսօր պարզ է, որ խօսքը ինչի մասին է»:
Սերժ Սարգսեան «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցին մէջ (տրուած երէկուան թիւով) հայ-թրքական յարաբերութիւններու առնչութեամբ յայտարարած էր, թէ ինք չի տեսներ թրքական կողմէ պայմանաւորուածութիւններու կատարման մեծ ցանկութիւն կամ ձգտում: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ դեռ նոր կատարուած այդ գնահատումին կը յաջորդէ այսպիսի փաստաթուղթերու հրապարակում: Մարգարեան պատասխանած է՝ յայտնելով, որ «Երբ տեսան տրամադրութիւն, որ Հայաստանը կարող է յետ քաշուել այս գործընթացից, նորից մի խայծ իջեցրեցին՝ աւելի խորացնելու Հայաստանի մուտքը այս գործընթացի մէջ, որից միայն շահողը Թուրքիան է, ոչ թէ Հայաստանը»:
Մարգարեան համոզուած է, որ «Հայաստան աւելի խորքային առումով ներքաշւում է մեծ խաղի մէջ», եւ թէ՝ «ոչ մի երաշխիք էլ չկայ, որ երկու ամիս յետոյ այդ ստորագրուած պայմանագիրը կը հաստատի Թուրքիոյ խորհրդարանը»:
«Այդ պետութիւնից ակնկալել, որ Ատրպէյճանի շահերը ստորադասի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններին, կարծում եմ, մի քիչ միամտութիւն է», ըսած է Հրանդ Մարգարեան եւ աւելցուցած, թէ կրնայ նաեւ գոյութիւն ունենալ գաղտնի «մէկ այլ պայմանաւորուածութիւն, թէ այդ երկու ամիսների ընթացքում կամ վեց ամսուան ընթացքում պէտք է նաեւ լուծում ստանայ Ղարաբաղի հարցը՝ չակերտաւոր լուծում: Այսինքն, Թուրքիոյ երեք նախապայմաններն էլ ընդունուած են. երկուսը՝ քօղարկուած տեքստի (բնագիրի-Խմբ.) մէջ, մէկը՝ տեքստից դուրս պայմանաւորուածութիւն»:
Մարգարեան տարակուսանք յայտնած է արձանագրութեան այն ձեւակերպման կապակցութեամբ, թէ՝ պիտի վերահաստատուի երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը:
«Անհրաժեշտ չէր այդ յարաբերութիւնները ստեղծելու համար մենք պարտաւորուէինք Թուրքիոյ սահմանները ճանաչել: Որովհետեւ ՄԱԿի յայտարարագիրը ստորագրելով՝ մենք արդէն ճանաչել ենք բոլոր երկրների սահմանները, հողային ամբողջականութիւնը: Եւ կան շատ երկրներ, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ են ստեղծել, առանց աւելորդ անգամ միմեանց հողային ամբողջականութիւնը, սահմանները ճանաչելու: Այդ յաւելեալ գինը ինչի՞ համար ենք վճարել, ի՞նչ ստանալու համար ենք վճարել… պարզ չէ», յայտնած է ՀՅԴի ներկայացուցիչը:
Մարգարեան յայտնած է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը մշակած է յառաջիկայի ընելիքները:
«Վիրաւորական է, մեր շահերին դէմ երեւոյթ է, եւ մենք առաջիկայ երկու ամսուան ընթացքում ամէն ինչ անելու ենք հասարակութեանը տեղեակ պահելու պայմանագրի բուն էութիւնից, քօղարկուած հարցերից», հաստատած է Մարգարեան:
AYO, ayd ardzanagrutyunnern anenduneli en!!!
Turkakan tertern arden yerjanik grum en, vor Hayastane janachum e nerkayis sahmane, aysinkn endunum e Karsi paymanagire ev HOGHAYIN pahanj chuni Turkiayic!??? SA ANENDUNELI E!!!
Myus kete patmakan entahandznajoghovn e! Sa evs anenduneli e !!! Hayeri hamar HAYOTS TSEGHASPANUTAN hartse qnnarkman ararka chi karogh linel! DA PAST E!!!!!!!!!!!!!!!!
Voch vok iravunk chi tvel Serzh Sargsyanin kam HH Azgayin joghovin HAYKAKAN HARTSI veraberyal voroshumner kayatsnel arants SPYURKI kartsike hashvi arnelu. HAY DATE voghj HAY JOGHOVRDI KHNDIRN E!!!!
INCHU E LRUM SPURKI nakhararutyune! Che vor misht sirum enk asel “HAYASTANE boloris tunn e” !???
Ardzanagrutyan mej tegh gtats “erku joghovurdneri mijev pokhvstahutyan verakangnman…” masin hishatakumn absurd e! Inch pokhvstahutyan masin khosk karogh e linel, ete Turkian JKHTUM e Hayots Tseghaspanutyune!?
Evs mi khaytarak ket – mshakutain jarangutyan pahpanman masin!???? mer yekeghetsinern averats, hradzgutyan tirakh dartsrats Turkian petk epahpani mer hushardzannere?????????????/
Himnovin merjum em ays ardzanagrutyunnere ev husov em, vor VOCH MI SAHMAN EL CHI BATSVI EV AMEN INCH KMNA TGHTI VRA!!!!