Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 380 Միլիոն Եւրօ Կը Կորսնցնէ Ճգնաժամի Պատճառով
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան եւ փոխ խմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեան անցեալ Շաբաթ օր հարցազրոյց մը ունեցած են Պոլիս կարճատեւ այցելութեամբ գտն-ուող Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի վարիչ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի հետ:
Հարցազրոյցի նախաբանին մէջ, նշուած է, որ «Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ Պր. Զաւէն Եկաւեանի հետ ունեցանք մեր համայնքային ու ազգային կեանքը մօտէն շահագրգռող հարցերու մասին՝ զրոյց։ Եւ աւելորդ է ըսել որ այս հարցերը շատ են, ու բազմակողմանի։ Ամէն անգամ ալ սակայն կը հաստատենք որ Պր. Եկաւեան շատ մօտէն կը հետեւի հայաշխարհի անցուդարձերուն ու տեղեակ է ամէն ինչի, կը ճանչնայ բոլորը, ունի իր պատկերացումները բոլորին մասին։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը նախախնամական դեր կը կատարէ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, հակառակ որ, ինչպէս կ՛ըսէր Պր. Եկաւեան, «մեր ազգային ղեկավարները պէտք չէ մոռնան որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը հայկական հիմնարկութիւն մը չէ»։ Բախտը այնպէս ուզած է որ այս հիմնարկութիւնը հիմնուի Լիզպոնի մէջ։ Պատճառներէն մէկն ալ կրնանք նկատել այն ազդակը թէ Լիզպոն շատ կը նմանի Պոլսոյ եւ այս պատճառաւ էր որ Գալուստ Կիւլպէնկեան սիրած էր Լիզպոնը։
Ահաւասիկ քանի մը հարցումներ ու պատասխաններ, որոնք փոխանակուեցան մեր զրոյցի ընթացքին»։
ՄԱՐՄԱՐԱ..- Պր. Եկաւեան, վերջին անգամուան ձեր այցելութեան ընթացքին արդէն որոշ վերապահութիւններ ունէիք համաշխարհային տնտեսական կացութեան մասին։ Ատկէ ի վեր տակաւին շատ ջուր հոսեցաւ կամուրջին տակէն։ Ի՞նչ է հիմա կացութիւնը։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Բովանդակ աշխարհը տակնուվրայ եղաւ տնտեսական վերջին ճգնաժամի պատճառաւ։ Այս ճգնաժամէն բնականաբար մեծ բաժին ստացաւ նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը։ Կրնամ ըսել որ այս տարի մեր հիմնարկութիւնը 380 միլիոն Եւրօ կորուստ ունեցաւ։ Ասիկա փոքրիկ գումար մը չէ։ Տնտեսական ճգնաժամը մեզ ստիպեց որ կրճատենք կրթաթոշակի կարգ մը դիմումները։ 70 ուսանողներ այս տարի զրկուեցան կրթաթոշակ ստանալէ, այս կերպով 280 հազար տոլար զեղչուած եղաւ կրթաթոշակներու յատկացումներէն։
ՄԱՐՄԱՐԱ..- Բայց այս կէտը ինքնին արդէն հետաքրքրական է։ Ներկայիս քանի՞ ուսանողներու կրթաթոշակ կուտաք։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- 650 ուսանողներու կրթաթոշակ կուտայինք, բայց այս թիւը այս անգամ զեղչուեցաւ 570ի։ Պարտաւոր ենք խնայողութիւններ ընել մեր յատկացումներուն մէջ, այս պատճառաւ ջանացինք զեղչել նաեւ նպաստը այն ուսանողներուն որոնք գիտենք թէ ուրիշ հաստատութիւններէ ալ նպաստ կամ կրթաթոշակ կը ստանան։ Մեր կրթաթոշակները որոնք նախապէս աւելի համեստ էին, հիմա բարձրացած են զանազան մակարդակներու։ Ունինք մինչեւ 5000 տոլար ստացող ուսանողներ։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Խօսքի սկսաք կրթաթոշակները յիշելով։ Կրթական հարցը ձեզի համար առաջին հարցերէն մէ՞կն է։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Կրթական ֆոնտը մեզի համար գլխաւորն է եւ անշուշտ կարեւորութիւն կուտանք բոլոր երկիրներէ մեզի եկած դիմումներուն։ Բայց երկու գլխաւորները Սուրիան ու Թուրքիան է։ Ասոր վրայ կրնանք աւելցնել նաեւ Լիբանանը։ Առաջնահերթ օժանդակութիւն ստացող երկիրներն են Լիբանան, Սուրիա ու Թուրքիա։ Բայց գիտենք որ շատ նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք թեկնածուներուն դիմումները դիմաւորելու ընթացքին, պէտք է ամէնէն առաջ յատկացում ընենք անոնց, որոնք ամէնէն նեղ կացութեան մէջ են, այսինքն պէտք է ամէնէն առաջ տանք, փոխաբերական իմաստով, որբուկին ու այրիին։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ապագան ի՞նչպէս կը տեսնէք այս հարցէն ներս։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Շատ մտահոգ եմ։ Մասնագէտներու կարծիքով, տնտեսական ճգնաժամը պէտք է տեւէ տակաւին 6-8 տարի։ Ասիկա զգուշութեան ու խոհեմութեան կը հրաւիրէ ո՛չ թէ միայն մեզ, այլ նաեւ ամենուրեք մեր ազգային իշխանութիւններն ու գործիչները։ Մեր ազգային հաստատութիւններու վարիչները, մեր դպրոցներու հոգաբարձութիւնները իրաւունք չունին նոր ու ծանր պարտքերու տակ դնելու մեր ժողովուրդը։ Մեզմէ օրինակ մը տուած ըլլալու համար ըսեմ որ մեր հաստատութեան դրամագլուխը 3 միլիառ Եւրոյի կը հասնի եւ ասիկա կատակ չէ։ Այնուհանդերձ պարտաւոր ենք շարժիլ ծայրայեղ զգուշութեամբ։ Բարեբախտաբար ունինք նախագահ մը որ մեզ շատ լաւ կը հասկնայ։ Մեր նախագահը, որ Պր. Էմիլիօ Րուի Վիլարն է, բազմակողմանի հմտութեան ու հասկացողութեան տէր անձ մըն է։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ըսիք որ այս տարի կարեւոր վնասի ենթարկուեցաք։ Ի՞նչպէս կը պատահի ասիկա։ Հիմնարկութիւնը մնայուն ու անփոփոխ եկամուտներու տէր չէ՞։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Անշուշտ որ բոլորովին այդպէս չէ։ Մեր հիմնարկութիւնը երեք տարբեր բնագաւառներէ եկամուտ կը ստանայ։ Եկամուտին առաջին մէկ երրորդը մեզի կուգայ քարիւղէ ու կազէ։ Քարիւղի ու կազի եկամուտները մեզ փրկող ու հանգստացնող գլխաւոր ազդակներն են։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ հիմնուած քարիւղի ընկերակցութեանց եկամուտներուն մասին է խօսքը։ Մեր եկամուտին երկրորդ մէկ երրորդը մեզի կուգայ պետական «օպլիկասիոն»ներէ (պարտաւորութիւններէ-Խմբ.), որոնք եւս վտանգաւոր ու փոփոխական աղբիւրներ չեն։ Փոփոխականը երրորդ մէկ երրորդն է, որ շահաբաժիններէ կուգայ։ Այս հատուածին մէջ է որ հիմնարկութիւնը կորուստ ունեցաւ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Գիտենք թէ Հիմնարկութեան համար միշտ կարեւոր եղած է կրթական գետնի վրայ օժանդակութիւնը, կրթաթոշակներ շնորհելու հարցը։ Բայց որպէս մշակութասէր մարդիկ, մեզ շատ մօտէն կը շահագրգռէ նաեւ մշակութային գետնի վրայ ձեր Հիմնարկութեան գործունէութիւնը, որովհետեւ հինէն ի վեր գիտենք թէ ինչ ինչ մշակութային ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ կրցած են կեանքի կոչուիլ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի հսկայական յատկացումներով։ Այս մասին ի՞նչ լուրեր ունիք մեզի տալու։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Կրնաք վստահ ըլլալ։ Որքան ատեն որ հիմնարկութեան մէջ ես կամ եւ որքան ատեն որ մեզի հետ է նաեւ մեր բաժնի տեսուչ Պր. Մարթին Էսայեանը, մշակութային մարզէ ներս մեր գործունէութիւնը կը շարունակուի։ Պր. Մարթին Էսայեանը անձ մըն է որ գիտէ թէ մշակոյթը որքան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար։ Մենք միշտ կ՛ուզենք ըլլալ մեր մշակոյթին ողնայարը։ Շատ գոհ եմ որ Պր. Մարթին Էսայեան այս մարզի մէջ ճիշդ ինծի նման կը մտածէ։ Ուրեմն մշակութային մարզէ ներս պիտի շարունակենք մեր օգնութիւնը։ Զուտ մշակութային արժէք ունեցող ամէն ձեռնարկ մեր ուշադրութեան պիտի արժանանայ։ Պիտի շարունակուի նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքը մշակութային բազմատեսակ մարզերէ ներս։ Սահմանափակած ենք միայն շինարարութիւնը, շէնքերու շինութեան կամ նորոգութեան համար պահանջուած ծախսերը։ Հոս ալ անշուշտ բացառութիւն կրնան կազմել քանի մը շատ կարեւոր բարեսիրական հաստատութիւններ:
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Վերադառնալով մշակութային մարզին, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը ազգագրական ու հայագիտական մարզերէ ներս ներկայիս պարզուած պատկերին մասին։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Ցաւալի է որ հայագէտներու թիւը տակաւ կը պակսի։ Գրաբարագէտ չունինք։ Գրաբար գիտցողներ կան, եւ թէ շատ, բայց գրաբարագէտ չունինք։ Պէտք է զարգացնենք այս ճիւղը։ Ընդհանրապէս այլեւս հրատարակած-վերջացուցած ենք հիներու բոլոր այն արժէքաւոր ու անտիպ մնացած գործերն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք երկար տարիներ մնացած էին անտիպ։ Օրինակ, այլեւս Աճառեանէ մը անտիպ մնացած գործ չկայ, բոլոր ձեռագիրները տպեցինք։ Միւս կողմէ սակայն ցաւալի է որ սկսած են պակսիլ գիտնական հայագէտները եւ համեմատական լեզու գիտցողները։ Կը հաւատանք որ պէտք է ծանր աշխատանք տանինք որպէսզի այժմու մասնագէտները զարգացնենք ու գիտնականներ ստեղծենք, զանոնք պատրաստելով աշխարհի լաւագոյն ու նշանաւոր համալսարաններուն մէջ։ Օր. Աստղիկ Չամքէրթէն կը զբաղի արտասահմանեան երկիրներու մէջ զարգացում տեսնող մասնագէտներու պատրաստութեամբ։ Ներկայիս մօտաւորապէս քառասուն անձեր Հայաստանէն Եւրոպական երկիրներ ղրկուած են որպէսզի մասնագիտանան։ Իւրաքանչիւր մարզէ ներս ո՞րն է լաւագոյն համալսարանը, հոն է որ ուսում կը տեսնեն։ Կը ջանանք մարդ պատրաստել։ Մեքենայի յատկացում ընելու տեղ, կը նախընտրենք մարդ հասցնել ու զարգացնել։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Բայց այս անձերը Եւրոպական երկիրներու մէջ մասնագիտանալէ վերջ կը վերադառնա՞ն Հայաստան։ Զանոնք կոսնցնելու վախ չկա՞յ։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Կը վերադառնան, անպայման կը վերադառնան, որովհետեւ Եւրոպան ալ դիւրութեամբ վար չի դներ զանոնք, գործի պայմաններ չի ստեղծեր։ Այսպիսի մտահոգութիւն չունինք։ Բայց ունինք արտասահմանեան երկիրներու մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը զարգացնելու մտահոգութիւնը։ Այս տեսակէտով լաւ լուր մը կրնամ նկատել այն թէ Լոնտոնի Համալսարանի )ՍՕԱՍ_ Արեւելեան եւ Ափրիկեան լեզուներու բաժնին մէջ տարւոյ վերջաւորութեան մօտ պիտի բանանք հայեցի դաստիարակութեան ամպիոն մը։ Այս բաժնին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Լիբանահայ Գրիգոր Մոսկոֆեան, որ Լիբանանի Դպրեվանքը աւարտած անձ է եւ պատրաստուած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ եւ այս տարի աւարտած է իր մասնագիտութիւնը։ Պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մարզերէ ներս պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Փրօֆ. Տոֆման Լազարիէֆի։ Հայեցի դաստիարակութեան տեսակէտէ կարեւոր վկայագիր պիտի ըլլայ այս ամպիոնին տալիքը եւ մենք ալ յատկապէս պիտի քաջալերենք այն ուսանողները որոնք պիտի արձանագրուին այս ամպիոնին։ Այս խնդրին մէջ մասնաւոր իր դերակատարութիւնը ունի Պր. Մարթին Էսայեանը որ մօտէն կը հետեւի այս ծրագրի կատարելագործման համար։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Հայեցի դաստիարակութիւնը անպայման շատ կարեւոր է որպէս բարձրագոյն ուսում եւ կը հասկնանք ձեզ։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Մեր պատրաստածը բարձրագոյն ուսումէն, համալսարանէն վերջուան հանգրուանն է։ Ընելիք շատ բան կայ։ Ինչ մեղք որ հայկական գաղութներէ ներս դպրոցներուն կացութիւնը մտահոգիչ է, աշակերտներուն թիւը տակաւ կը նուազի։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Հոսկէ Հալէպ պիտի երթաք եւ վստահ ենք որ շատ ուրախ էք որ կրկին Հալէպ կ՛երթաք։
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Հալէպը իմ ծննդավայրս է, իմ երկիրն է։ Ան կը շարունակէ մնալ մեր սիրտը, մեր ոգին, մեր ամէն բանը։ Արտասահմանի մէջ ամէնէն շատ արտադրող կեդրոնն է Հալէպը։ Պէտք է պահպանենք ինչ որ այստեղ կայ որպէս սիրուած ու սիրելի բան։ Հալէպը մարդու ուժի ու մտքի ուժի շտեմարան մըն է։ Բայց դուք գիտէք որ Պոլիսն ալ նոյնքան սիրելի է ինծի համար։ Մենք միշտ Պոլիսը նկատեցինք մեր ազգային ապրումներուն ամէնէն կարեւոր ու բախտորոշ մէկ կեդրոնը։ Եւ դուք որքան ալ թերութիւններ, կաղացումներ կամ նահանջներ տեսնէք ձեր համայնքէն ներս, մենք գիտենք որ Պոլիսը այսօր ալ օրինակելի համայնք մըն է։