ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ա1+».- Հայաստանէն Արցախ ուխտագնացութեան մեկնած երկրապահներու հետ հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, պատասխանելով «Ա1+»ի թղթակիցին բանակցային գործընթացի մասին հարցումին՝ յայտնած է. «Մեր տեսակէտը միշտ ասում ենք եւ շատ անգամներ կրկնելուց տեսակէտը չի փոխուելու: Ես չեմ հաւատում, թէ տարբեր գնահատականները, որ այսօր տրւում են, համապատասխանում են իրականութեանը»:
Ըստ «Ա1+»ի հաղորդումին, ԼՂՀ նախագահը ընդհանրապէս խուսափած է յստակ պատասխաններ տալէ, սակայն ան յայտարարած է, թէ «Բացառում է Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ կարգավիճակով, թէկուզ համադաշնութեան սկզբունքով, Ատրպէյճանի կազմում թողնելը»:
Երէկ, երկրապահներու Արցախ եւ ազատագրուած տարածքներ այցելութեան վերջին օրն էր: Հադրութ շրջանի Տող գիւղի ջրաշխարհի տարածքին վրայ կազմակերպուած ամփոփիչ միջոցառման ընթացքին, երկրապահներու միութեան ղեկավար Մանուէլ Գրիգորեան մէկ անգամ եւս բոլորին վստահեցուցած է, թէ «Երկրապահը միշտ է կանգնած լինելու Արցախի ազատութեան համար»:
Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի հրետանիի պետ Սանասար Գիւրջեան այս առթիւ յայտարարած է. «Մենք մեր տարածքների մի մասն ենք միայն ազատագրել: Այս տարածքների հաշուին է, որ այսօր մեր ընտանիքները պաշտպանուած են: Եթէ նոյնիսկ վիճարկելի էլ լինի, թէ Աղդամը պատմականօրէն ո՞ւմ հողն է, կայ փաստը, որ մենք ոչ թէ նախայարձակ ենք եղել, ոչ թէ գրաւել ենք Աղդամը, այլ լռեցրել ենք կրակակէտը, որտեղից ամէն օր մեր գլխին կրակ էր թափւում»:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ՝ Օգոստոս 27ին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ կայացած էր ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած էր Արցախի մէջ ապրող օտարերկրեայ քաղաքացիներու կարգավիճակին հետ կապուած հարցեր:
Զեկուցումներով եւ ելոյթներով հանդէս եկած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Վիքթոր Քոչարեանը, ընկերային ապահովութեան նախարար Նարինէ Ազատեանը եւ ոստիկանութեան պետ Ռոպերթ Շաֆերեանը: