ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Իրաւաբան Մարք Կիրակոս, որ կը հանդիսանայ ապահովագրական շարք մը ընկերութիւններու դէմ յանուն Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու իրաւունքներուն դատ բացող երեք իրաւաբաններէն մէկը, մեզի փոխանցեց, թէ իրենք գործնական քայլերու պիտի դիմեն՝ վերատեսութեան ենթարկելու համար իններորդ շրջանային վճռաբեկ ատեանին որոշումը, որ կը խոչընդոտէր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ապահովագրական եւ դրամատնային գումարները իրենց իրաւական ժառանգներուն հատուցելու գործընթացը:
Կիրակոս «անհեթեթ» նկատեց այս վճիռը եւ յայտնեց, թէ դիմում պիտի ներկայացուի իններորդ շրջանային վճռաբեկ ատեանի լրիւ կազմին կողմէ վերատեսութեան ենթարկելու զայն: Դիմումը պէտք է ներկայացուի Սեպտեմբեր տասէն առաջ: Ասիկա բաւական դժուարին եւ բարդ գործընթաց մըն է, որ հազուագիւտ պարագաներու միայն կը կիրարկուի:
«Ասիկա պարզապէս ապահովագրական խնդիր մըն է: Մենք հատուցում կը պահանջենք եւրոպական ընկերութենէ մը: Անոնց քով կան ապահովագրական հաշիւներ, զորս պէտք է վճարեն», կ՛ըսէ Կիրակոս՝ աւելցնելով, որ «Մենք պէտք է աշխարհով մէկ այսպիսի հատուցման դատեր հետապնդենք»:
Ըստ այս իրաւաբանին, հայ համայնքը եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ու Հայ իրաւաբաններու միութեան նման կազմակերպութիւնները պէտք է աւելի գործօն դեր ստանձնեն այս խնդիրի հետապնդման ուղղութեամբ, եւ պահանջեն վճիռի քննարկումը ատեանի լրիւ կազմին կողմէ:
Ընդհանրապէս, ըստ Կիրակոսի, հայ համայնքը եւ հայկական կազմակերպութիւնները սխալ կ՛ընեն՝ միայն քաղաքական հարթութեան վրայ հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելով:
«Անհրաժեշտ է դատականը միացնել քաղաքականին», կ՛ըսէ Կիրակոս:
Քաղաքական բեմի վրայ, այս վճիռը կու գար չէզոքացնելու Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի նախկին, իսկ այժմ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի ու նախկին պաշտօնակից Չաք Փուչիկեանի նախաձեռնութիւնը, որ մեր նահանգին մէջ հնարաւորութիւն կը ստեղծէր նոր ժամկէտ շնորհելու Ցեղասպանութեան զոհերու վերապրող ժառանգներուն՝ իրենց արդար իրաւունքները հետապնդելու համար:
Շիֆ, պարտութիւն կը նկատէ այս վճիռը, սակայն յուսահատ չէ ու պատրաստ է օրէնսդրական նոր նախաձեռնութեամբ դաշնակցային մակարդակով հակազդելու ատեանին որոշումին:
Համայնքն ալ, անշուշտ, մէկ մարդու նման պատրաստ է կանգնելու Շիֆի թիկունքին: