ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի եւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը» միջազգային ակադեմական խորհրդաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Խորհրդաժողովը կը միտի ակադեմական դիտանկիւնէն արծարծել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման-ճանաչման հարցերը, միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ քննարկել Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու խնդիրները եւ սատարել Հայկական Ցեղասպանագիտութեան նոր հանգրուանի անցումին:

Երկու օրերու՝ Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Սեպտեմբեր 2009ի, վրայ երկարող այս խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եգիպտոսէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն, Իրլանտայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Միացեալ Թագաւորութենէն (Բրիտանիա), Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն ակադեմական ցեղասպանագէտներ ու միջազգային օրէնքի մասնագէտներ՝ Պիլկին Այաթա, Թանէր Աքչամ, Ալֆրէտ տը Զայաս, Ռեղիպ Զարաքօլու, Ուղուր Էօնկիւր, Հենրի Թերիօ, Խաչիկ Մուրատեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ուիլեըմ Շապաս, Ժորժ Շարաֆ, Սէյհան Պայրաքտար, Րոճըր Սմիթ, Մուհամմէտ Րիֆաաթ, Հայկ Դեմոյեան եւ այլք:
Խորհրդաժողովը պիտի ունենայ չորս նիստեր: Խորհրդաժողովին նիւթերը յառաջիկային լոյս պիտի տեսնեն առանձին հատորով:
Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին ուսումնասիրութիւններ՝ «Փոքրամասնութիւններու եւ Մեծամասնութիւններու Խնդիրը. Օսմանեան Կայսրութեան Պարագան», «Ժողովրդագրական Ճարտարակերտումը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը», «Հայկական Ցեղասպանութիւնը Արաբական Աղբիւրներու Համաձայն», «Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը», «60ամեայ Ցեղասպանութեան Միջազգային Ուխտագիրը. Խնդիրներ, Հեռանկարներ», «Հայկական Ցեղասպանութիւնը. Արդարութեան եւ Միջազգային Օրէնքի Հարցեր», «Հայերը, Ռաֆայէլ Լեմքին եւ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը, «Թրքական Ազգայնականութիւնը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը Թուրքիոյ Մէջ Այսօր», «Ցեղասպանութեան Ուրացումը եւ Թուրքիոյ Օրէնսդրութիւնը», «Հայկական Ցեղասպանութեան Ժխտման Յեղափոխութիւնը Թրքական Մամուլին Մէջ», «Քիւրտ-Հայկական Յարաբերութիւնները եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը», «Մասնագիտական Բարոյականութիւն եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Ուրացումը», «Վերականգնողական Արդարութիւն եւ Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Վերացումը», «Հայկական Ցեղասպանութեան Ժառանգին Համաշխարհայնացումը» եւ այլն:
Խորհրդաժողովի օրերուն, ինչպէս նաեւ Երեքշաբթի՝ 8 Սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի պիտի ունենան հրապարակային բանախօսութիւններ: