ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նոյեան Տապան».- Յիշեցնելով Սեպտեմբեր 2ի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հռչակման օրը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նշեալ օրը, ժամը 18:30ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուր հրապարակին վրայ պիտի իրականացնէ հանրահաւաք մը՝ բոլորին կոչ ընելով դրսեւորելու «մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը»՝ ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ, եւ կանխելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վտանգաւոր ընթացքը:
Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Սեպտեմբերի 2ը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման օրն է:
Ադրբեջանի կողմից պարտադրուած պատերազմում յաղթելով եւ արտայայտելով ողջ հայութեան հաւաքական կամքը՝ Արցախը հռչակեց եւ պաշտպանեց իր անկախութիւնը: Այսօր, բանակցութիւնների նորօրեայ ակտիւացման պայմաններում, մենք պարտաւոր ենք՝
– Տէր կանգնել մեր ժողովրդի յաղթանակին եւ ստիպել յարգելու Արցախի ինքնորոշման փաստը.
– Մերժել մեզ պարտադրուող ցանկացած զիջում.
– Պահանջել բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնում՝ Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ.
Միաժամանակ նկատի ունենալով, որ չեն վերացւում հայ-թրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման ներկայ գործընթացի լրջագոյն վտանգները՝ սպասուող ֆութպոլային խաղից առաջ մենք վերստին պահանջում ենք՝
– Դադարեցնել թրքական շահերի սպասարկմանը ծառայող բանակցութիւնները.
– Թոյլ չտալ, որ Թուրքիան իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարի՝ միաժամանակ Հայաստանին զիջումներ պարտադրելով.
– Դիւանագիտական ձախողումների անմիջական պատասխանատու ԱԳ նախարարի հրաժարականը.
Հայրենակիցնե՛ր, դրսեւորենք մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան հարցում, կանխենք հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման վտանգաւոր ընթացքը:
Հրաւիրում ենք հանրահաւաքի, որը տեղի կ՛ունենայ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակում՝ «Մոսկուա» կինոթատրոնի մօտ, Սեպտեմբերի 2ին, ժամը 18:30ին»: