ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- Կազմակերպութեամբ Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանին եւ համագործակցութեամբ Լոնտոնի «Թէյթ մոտըրն» թանգարանին ու Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (MOCA), այս տարուան Հոկտեմբեր 21էն սկսեալ մինչեւ 2010ի Սեպտեմբեր 20 ժամանակահատուածին, յիշեալ թանգարաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) գործերուն ընդարձակ ցուցադրութիւնը:
Առաջին ցուցադրահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Հոկտեմբեր 21, 2009էն մինչեւ Յունուար 10, 2010, որմէ ետք ցուցահանդէսը պիտի փոխադրուի Լոնտոն (Փետրուար 10էն Մայիս 3), ապա հասցնելու համար Լոս Անճելըս, ուր ցուցադրութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան Յունիս 6ին եւ պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 20ին:
Ցուցահանդէսներուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Վան ծնած Կորքիի (բուն անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան) մօտաւորապէս 180 կտաւները, արձաններն ու թուղթի վրայ գծագրութիւնները, որոնք պիտի մեկտեղուին ամերիկեան եւ եւրոպական թանգարաններէ եւ անհատական հաւաքածոներէ, ներառեալ անոր գլուխ գործոցները՝ «The Artist and his Mother», «The Liver is the Cocks Comb», «Water of the Flowery Mill», «Agony», անաւարտ «The Black Monk»ը, եւ այլն:
Ամերիկեան արուեստը դէպի վերացականութիւն առաջնորդած Կորքիի ստեղծագործութեան երեք տասնամեակներու հետաքրքրական այս մէկտեղումը իր տեսակին մէջ առաջինն է 1981էն ի վեր, եւ բնականաբար, հարստացած պիտի ըլլայ անկէ ի վեր լոյս տեսած երեք յատկանշական հատորներու տեղեկութիւններով, որոնք շեշտը դրած էին Կորքիի հայկական ինքնութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան վրայ:
Այդ հատորներն էին՝ Նուրիցա Մաթոսեանի «Սեւ հրեշտակը. Արշիլ Կորքիի կեանքը» (1998), Մէթուի Սփենտըրի «Ֆրամ է հայ փլէյս. Արշիլ Կորքիի կեանք մը» (1999) եւ Հայտը Հըրերայի «Արշիլ Կորքի. Անոր կեանքն ու գործը» (2003):
Ցուցահանդէսն ու անոր ընկերացող գիրքը հարստացած է նաեւ Կորքիի այրիին՝ Ագնէս «Մուկու»չ Կորքի-Ֆիլտինկի հետ կատարուած հարցազրոյցներէն քաղուած տեղեկութիւններով: