ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի նախագահ Համէտ Քարզայի եւ անոր գլխաւոր մրցակից Ապտուլլա Ապտուլլա, իւրաքանչիւրը ինքզինք նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթական հռչակեց Ուրբաթ, Օգոստոս 21ին, հակառակ այն իրողութեան, որ նախնական արդիւնքները ամենականուխը Շաբաթ օր պիտի յայտարարուին: Պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկու շաբաթ ետք։ Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ռիչըրտ Հոլպրուք զգուշացուց, որ թեկնածուները պէտք չէ կանխահաս կերպով յաղթանակ հռչակեն: Եթէ թեկնածուներէն որեւէ մէկը քուէներու 50 տոկոսը չապահովէ, ապա Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանը:
Վերլուծաբաններ զգուշացուցին, որ ընտրութեան արդիւնքին շուրջ անյստակութիւնը կամ զանգուածային զեղծարարութեան ամբաստանութիւնները կրնան քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.