«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Անցած գարնան, Մոնթրէալի մէջ հիմնուեցաւ շինարարական ասպարէզին առնչուող՝ Քանատայի հայ մասնագէտներու «Կամար» ոչ շահադիտական ընկերակցութիւնը, իր տեսակին մէջ՝ առաջինը Քանատայի մէջ, ընկերակցութիւն՝ ուր կը համախմբուին տեղւոյն հայ ճարտարապետները, ճարտարագէտները եւ այլ յարակից մասնագէտները, ու կը ձգտին կապ ստեղծել իրենց պաշտօնակիցներուն հետ՝ աշխարհի տարածքին։
Այս կազմակերպութիւնը ունի բազմաթիւ նպատակներ՝ առաջին հերթին Քանատայի հայ մասնագէտները ծանօթացնել իրարու, ապա նաեւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի իրենց պաշտօնակից մասնագէտներուն, եւ անոնց հետ բաժնել քանատական արհեստագիտական հմտութիւնը շինարարութեան, ջերմուժի արդիւնաւէտ գործածութեան եւ յղացքի զարգացման մարզերուն մէջ։ «Կամար» կը յուսայ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերել մեր ճարտարապետական ժառանգութեան պահպանման աշխատանքին Քանատայի մէջ թէ Հայաստանի, հայկական արդի թէ պատմական ճարտարապետութեան ծանօթացման գործին, ինչպէս նաեւ հաւաքել քանատահայ մասնագէտներու արխիւները։
«Կամար»ի հիմնադիր նախագահ, ճարտարապետ Վրէժ-Արմէն Արթինեան կը տեղեկացնէ, թէ «Անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր այս ուղղութեամբ սկսեր էին մեր աշխատանքները, ու հիմա շատ ուրախ ենք յայտարարելու, որ իր կանոնագրի որդեգրումով կը հաստատուի շատ խորհրդանշական անունով այս կազմակերպութիւնը։ Արդարեւ, կամարը ոչ միայն միաժամանակ ճարտարապետական ու ճարտարագիտական յատկանշական տարր մըն է, այլեւ կը բնորոշէ երկու ծայրամասեր իրարու կամրջելու հասկացութիւնը, այս պարագային՝ հայ մասնագէտները աշխարհի տարբեր կողմերէն։ Կը յուսանք միանալ այլ նման կազմակերպութիւններու հետ ու մաս կազմել շինարարական մարզի հայ մասնագէտներու համահայկական ցանցին, որուն յառաջացման նախաձեռնեց վերջերս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը»։
2009ի աշնան պիտի գումարուի առաջին պաշտօնական Ընդհանուր ժողովը, որուն հրաւիրուած են մասնակցելու ներկայ թէ ապագայ բոլոր անդամները։ Այդ առիթով պիտի ընտրուի վարչութիւնը՝ փոխարինելով ներկայ առժամեայ վարչութիւնը։ Այնտեղ աւելի մանրամասնօրէն պիտի ներկայացուին կազմակերպութեան նպատակակէտերն ու յառաջիկայ ծրագիրները, որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ հայ ժամանակակից մասնագէտներու գործերու ցուցահանդէս մը եւ խոստմնալից ուսանողներուն համար կրթաթոշակի մը հաստատումը։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, գրել info@gamar.ca հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.