ՊԷՅՐՈՒԹ.- Պէյրութի՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, գործակցութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային ժառանգութեան եւ ֆոլքլորի պահպանման համախմբումին, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2009ին, Պրումմանայի Մար Թաքլա Մասքա հրապարակին կից տեղի ունեցաւ «Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան օր» հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի ներկայացուցիչին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, արուեստասէրներու եւ շրջանի բնակիչներուն։
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան։
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանցի բանաստեղծներ ու արուեստասէրներ, ժողովրդային պարախումբեր եւ Լիբանանի բանակին նուագախումբը։ Երեկոյեան, մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի ազգային ժառանգութեան եւ ֆոլքլորի պահպանման համախմբումի նախագահ Անթուան Ապու Ժաուտէ, որ նշեց, թէ 2009 տարուան լաւագոյն պարախումբի ոսկեայ յուշանուէրը պիտի ստանայ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, որ էապէս պարարուեստի ժառանգութեան պահպանման մէջ ունեցած է եւ ունի իր մեծ ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը։
Ան ըսաւ, թէ «Քնար» պարախումբի՝ Շարլ Ազնաւուրի եւ Չառլի Չափլինի նուիրուած պարային ելոյթները բարձրորակ կատարումներ էին, որոնք արժանի էին բարձր գնահատանքի։
Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ «Քնար» պարախումբի ոսկեայ յուշանուէրը ստանձնեց «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տէմիրճեան, որմէ ետք պարախումբի պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան ստացաւ տարուան լաւագոյն պարուսոյցի ոսկեայ յուշանուէրը։ Իսկ «Քնար» պարախումբէն Սելին Ղարիպեան եւ Գօգօ Քէլէշեան ստացան տարուան լաւագոյն պարողներու յուշանուէրները։
Այս հանդիսութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վերջին երկու տարիներու ելոյթները կը ստանան գնահատման նոր երանգ, որ բնականաբար խումբին պիտի տայ յաւելեալ ուժականութիւն՝ յառաջիկային արձանագրելու համար նոր նուաճումներ։