ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 18ի յետմիջօրէին հաղորդուեցաւ, թէ Պոլսոյ Քուրթուլուշի Կիւլպաղ փողոցին մէջ )Քույուլուպաղ), ուր մեծամասնութեամբ հայեր կը բնակին, ցոյց մը կատարուած էր եւ հայերու կողմէ բնակուած կարգ մը շէնքերու վրայ խաչեր գծուած էին։
Չորեքշաբթի օր, «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Կիւլպաղ փողոցի երեք հայաբնակ շէնքերուն վրայ խաչանիշ դրուած էր անծանօթներու կողմէ, այնուհետեւ, «Ճնշուողներու ընկերվարական փլաթֆորմ» անունով կազմակերպութեան մը անդամները նոյն փողոցին մէջ հանրահաւաք մը կազմակերպած են, մամուլին լուսաբանութիւն կատարելու նպատակով: Անոնք դիտել տուած են, որ այդ խաչանշանները կը յիշեցնեն Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հալածանքի 6-7 Սեպտեմբերի պատահարները, եւ թէ հայ քաղաքացիները անհանգստացած են այս նշաններէն։
Սակայն, կարգ մը թաղեցիներ հակազդած են ցուցարարներու յայտարարութեան՝ ըսելով, որ իրենք նոյնիսկ չէին նշմարած այդ խաչանշանները: «Հոս թուրք, քիւրտ, հրեայ ու յոյն բարեկամներ ունինք, բոլորին հետ կ՛ապրինք խաղաղութեան մէջ, մենք այդ խաչանշանները չտեսանք, իրենք ինչպէ՞ս տեսեր են. այսպիսի մամլոյ լուսաբանութիւններ մեզի անհանգստութիւն կը պատճառեն», ըսած են թաղեցի հայեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.