«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը իր Օգոստոս 18ի թիւին մէջ լոյս ընծայեց Թէյմուր Հուսէյնովի «Թիւրքմենական կազը Եւրոպայի հասողութենէ դուրս է» խորագիրով յօդուածը, ուր հեղինակը կը յայտնէ այն կարծիքը, որ Թիւրքմենիստան կարողութիւնը չունի մինչեւ 2014 «Նապուքօ» կազատարի ծրագիրի յաջողութեան համար հարկ եղած յաւելեալ քանակութեամբ բնական կազ արտադրելու։
«Նոյնիսկ եթէ այս նախատեսութիւնը սխալ դուրս գայ, Ռուսիոյ եւ Իրանի ժխտական կեցուածքին կողքին, Կասպից ծովու օրինական կարգավիճակի չլուծուած ըլլալը կը նշանակէ, թէ անդրկովկասեան խողովակաշարի ապագան պղտոր է։ Ահա թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի կողմէ այս տարուան սկիզբը սկսաւ նկատուիլ իբրեւ «Նապուքօ»ի հաւանական գլխաւոր մատակարար։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այս ընտրանքը տնտեսական եւ ապահովական մարտահրաւէրներ պիտի ներկայացնէ», կը գրէ ան։
Հուսէյնով կը նշէ, թէ Ատրպէյճանի արտադրութիւնը 2013-2014ին պիտի սկսի անկում կրելու եւ կայ այն վտանգը, թէ 2020ին երկրին քարիւղի մատակարարումը կրնայ միայն իրեն բաւել։ Եթէ այս մէկը պատահի, ներքին շուկային մէջ կազի օգտագործումը նկատառելի կերպով պիտի աճի, մանաւանդ ազգային տնտեսութեան ոչ ուժանիւթային մարզերը զարգացնելու կառավարութեան նպատակի լոյսին տակ, ինչ որ «Նապուքօ»ի համար ծրագրուածէն նուազ բաժին պիտի ձգէ»։
«Հարաւային Կովկասի մէջ ցեղային եւ քաղաքական տագնապները, ինչպէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մասին վէճը, իր ուժանիւթի մատակարարումը տարատեսակ դարձնելու Եւրոպայի ջանքերուն հիմնական վտանգ կը ներկայացնեն։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան մարզի ծախսերու արագ աճէն ետք, միջնորդ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, կը փորձեն երկիրը համոզել, որ որեւէ պարագայի ուժի չդիմէ։ Այս ջանքերը ի զուր են։ Քոսովոյի եւ Վրաստանի տագնապները արդէն իսկ վտանգաւոր նախադէպեր հաստատած են։ Ուստի, ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, բանակցողները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար պէտք է իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն հողային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու հաշտեցման վրայ», կ՛եզրակացնէ ան։